
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը վճռեց ախոյեանին եւ Ա. դասակարգ բարձրացող խումբին անունները:
Մէյրուպա 74-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Ահիա Ռիատան, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար, ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը, ուր ելոյթ պիտի ունենայ 2016-2017 տարեշրջանին:
Մրցումին աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար ախոյեանութեան բաժակը յանձնեց Մէյրուպայի խմբապետ Ճօ Մանսուրի, մինչ ոսկի եւ արծաթ մետալներ տրուեցան երկու խումբերուն մարզիկներուն:
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Ռապպահ Նըժէյմ եւ Ժորժ Սաատ:
Ա. դասակարգի երկրորդ տոմսին համար Ահիա Ռիատա փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարէ Շանվիլի դէմ, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին աւարտին գրաւեց 9-րդ եւ վերջին դիրքը:


