Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան առիթով` «Ազդակ» կազմակերպած է յատուկ մրցանք մը, որուն յաղթականը պիտի ստանայ Պէյրութ-Վառնա-Պէյրութ երթուդարձի օդանաւային տոմս մը, մէկ շաբթուան կեցութիւն, պանդոկ եւ փոխադրածախս` տրամադրուած The travel shop-Orient plus ճամբորդական ընկերութեան կողմէ:
Այս մրցանքին կարելի է մասնակցիլ մէկէ աւելի կտրօններով:
Կ՛ընդունուին միայն օրաթերթի կտրօնները: Պատճէնահանուած կտրօնները նկատի չեն առնուիր: Առաւելագոյն նիշ ապահովողը կը շահի մրցանքը: Հաւասարութեան պարագային, վիճակաձգութեամբ կը ճշդուի շահողը:
Սոյն մրցանքին չեն կրնար մասնակցիլ «Ազդակ»-ի պաշտօնեաները եւ անոնց անմիջական պարագաները:
Արդիւնքներուն կտրօնները «Ազդակ»-ի խմբագրատուն պէտք է հասած ըլլան առաւելագոյնը մինչեւ հինգշաբթի, 30 յունիս, երեկոյեան ժամը 18:00:
Ստորեւ` մրցանքին հարցումները.
| 1. Որո՞նք պիտի ըլլան կիսաւարտականի չորս խումբերը …………………. | (20 նիշ) |
| 2. Ո՞ր խումբերը պիտի ճակատին աւարտական մրցումին …………………. | (25 նիշ) |
| 3. Ո՞վ պիտի ըլլայ տիտղոսակիրը: …………………. | (30 նիշ) |
| 4. Ո՞վ պիտի հանդիսանայ կոլսքորըրը: | (35 նիշ) |
| 5. Կոլսքորըրը քանի՞ կոլ պիտի նշանակէ: …………………. | (40 նիշ) |
ԱՆՈՒՆ
ՄԱԿԱՆՈՒՆ
ՀԵՌԱՁԱՅՆ


