Հայ ֆութպոլի մասնագէտ Արմէն Պապիկեան պիտի գլխաւորէ Արմաւիրը` ստանձնելով Վալերի Քարփինի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այս մասին կը յայտնէ «Չամփիոնաթ»-ը:
Արմաւիր մարզիչի այս փոփոխութիւնը կատարեց` նկատի ունենալով, որ խումբը չկրցաւ իր տեղը պահել Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Պապիկեան 2009-2013 եղած է Արմաւիր Թորփետոյի մարզիչ, 2013-2016` Քուպան Քրասնոտարի գլխաւոր մարզիչի օգնական, իսկ նախորդ 3 մայիսին ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները կատարած է Քուպանի հետ: