ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի իրաւարար Զաւէն Յովհաննիսեան պիտի ըլլայ Տինամօ Մինսք – Սպարտակ Եուրմալայ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, կ՛իյնայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ:
Անոր օգնականները պիտի ըլլան Մեսրոպ Ղազարեան եւ Էրիք Արեւշատեան, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Սուրէն Բալիեան: