Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մէյրուպա 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Ահիա Ռիատան` 66-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Մէյրուպա պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ Ահիա Ռիատա փլէյ-օֆի մրցումներու պիտի մասնակցի Շանվիլի դէմ, Ա. դասակարգի երկրորդ տոմսին համար:
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Փոլ Սքայեմ եւ յորդանանցի Մոհամետ Ֆախուրի: