Իր կազմին` Անգլիոյ կրած պարտութենէն եւ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքէն դուրս մնալէն ետք, մարզիչ Ռոյ Հոճսըն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ իր պաշտօնը` նշելով, որ ժամանակն է, որ այլ անձ մը շարունակէ իր գործը եւ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգէ խումբին հետ:
68 տարեկան Հոճսըն չկրցաւ իր կազմին հետ հասնիլ քառորդ աւարտական, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իսլանտայէն:
Նշենք, որ անոր հետ կը մեկնին նաեւ անոր երկու օգնականները` Ռէյ Լեվինկթըն եւ Կերի Նեւիլ:
Նախքան այս որոշումը յայտարարելը, Հոճսըն եւ վերոնշեալ երկուքը տեսակցեցան ֆութպոլիստներուն եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պատասխանատուներուն հետ, ապա տուին իրենց հրաժարականները: