Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն եւ 2015-2016 տարեշրջանի պրոնզէ մետալակիր Փիւնիկ Երեւան երէկ մեկնեցաւ Ճիպրալթար, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սարգիս Յովսէփեանի կազմը Ճիպրալթարի մէջ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն գծով երթի ճակատում մը ունի կատարելիք տեղւոյն կազմերէն Եուրոփայի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: