ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը յարմար է մտածելու համար ձեր ընելիքներուն մասին: Ջանացէք ըլլալ իրատես եւ սխալ հարցեր մի՛ արծարծէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր արտաքին տեսքը գովեն, համեստ մի՛ ըլլաք այս ըսուածը չընդունելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քիչ մը հանգիստ ըրէք եւ պիտի տեսնէք, որ ձեր յոգնութիւնը փարատած է եւ առողջութիւնը` բարելաւուած:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամներու միջեւ յուզումը զօրաւոր պիտի ըլլայ: Անկեղծութիւնը եւ հաւատարմութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իրատես պիտի ըլլաք եւ այս վստահութիւն պիտի ներշնչէ ձեր գործակիցներուն: Դուք պիտի յառաջդիմէք լաւ ճամբու վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բախտը ձեզի պիտի պարգեւէ հաճելի ճամբորդութիւն մը: Մի՛ վարանիք նոր որոշումներ տալու այս առիթով: Պիտի ծանօթանաք նոր մշակոյթի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւատեսութիւնը կը վերադառնայ ինքնաբերաբար: Օրը պիտի ընթանայ յաջող ճամբու վրայ: Կատարեցէք ձեր որոշածները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ըսէք ուրիշներուն այն, ինչ որ կը սպասէք անոնցմէ, փոխանակ սպասելու, որ հարցերը իրենք իրենց գան: Առիթ մի՛ տաք տրտունջի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ օրինակելի եղէք. քանի օրը չէ վերջացած, կատարեցէք կիսատ մնացած գործերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սիրային յարաբերութիւն մը նոր ընթացք մը պիտի առնէ: Առիթ մը տուէք, ինչ որ լաւ պատմութիւն մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք պատրաստ էք յառաջդիմելու եւ նոր էջ մը բանալու ձեր կեանքի պատմութեան մէջ: Շատ դրական ձեւ մըն է, սակայն ուշադիր եղէք, որովհետեւ ձեր հարազատները տակաւին ձեր քովը չեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նախքան արձակուրդ` աշխատանքը պիտի ձգէք: Որոշեցէք ձեր երթալիք տեղերը, զորս չէք տեսած: Աւելի լաւ է, որ ունենաք հաճելի ընկերակիցներ:
