ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչպէս օգտուիլ ընկերային, բարեկամական եւ սիրային կեանքէն, երբ ժամանակը շատ յարմար է գործի անցնելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կը նախատեսէք, որ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, առիթէն օգտուեցէք, որպէսզի կատարէք ձեր կիսատ մնացած գործերը: Կանոնաւորեցէք ձեր աշխատանքը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անորոշութիւն, վէճ, ըմբոստութիւն` ասոնք պիտի ըլլան օրուան խանգարիչները: Դժուարութիւն պիտի ունենաք զսպելու ձեր յուզումները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ պարտաւորութիւններ ունիք, պէտք է զանոնք կատարէք մէկ առ մէկ` առանց իրար անցնելու: Հանդարտութիւն կը պահանջուի ձեզմէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի, սիրոյ եւ բարեկամութեան մէջ դուք պիտի ըլլաք այս ամէնուն կեդրոնական դէմքը: Օգտուեցէք ձեր դիրքը արժեւորող հարցերէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքի մէջ թէ գործի պարագային դժուարութիւն պիտի ունենաք հարցերը կարգադրելու, որպէսզի ջղային վիճակը հեռացնէք մթնոլորտէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
100 առ 100 պիտի կարենաք միջամուխ ըլլալ ծրագիրի մը կազմակերպումին, որ ձեզ կը հետաքրքրէ: Ինչպէս` աշխատանք, ճամբորդութիւն եւ այլն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի աշխատիք ըստ ձեր բնաւորութեան, առանց նկատի առնելու ուրիշներուն կարծիքը: Հակառակ ամէն ինչի` ուշադիր եղէք ձեր ծախսերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ ամուսնական կեանքը խանգարել կամ ընթացք առած հարցի մը միջամուխ ըլլալ, դուք ձեզ հեռու պահեցէք այդ տեսակի անձերէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարգադրեցէք տան գործերը, գնումներ կամ տնային մանր գործեր կատարեցէք: Օրուան հարցերը ասոնք են, եւ ձեզի կը մնայ ասոնք կարգադրել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր մէկ հարազատին ջերմ սէրը պիտի ունենայ դրական ազդեցութիւն: Ամէն ինչ ձեզի կարելի պիտի թուի: Ջանացէք ըլլալ սիրալիր` ամէն պարագայի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքին կամ տան մէջ հակասութիւններ պիտի ըլլան: Ջնջուած ժամադրութիւն, կատաղի վէճ` ասոնք բոլորը ձեզ պիտի ջղայնացնեն:
