ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Միշտ ուրիշներու հետ միանալու փափաքը մի՛ ունենաք: Առանձին կատարեցէք նաեւ ձեզի վերաբերող պարտականութիւնները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարգ մը պատանիներ կը կարծեն, որ իրենց շուրջինները չեն արտօներ տարբեր գործեր ունենալ: Բնական է, երբ տակաւին 17 տարեկան էք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իւրաքանչիւրը պիտի ուզէ վերմակը քաշել իր վրայ, եւ պէտք է պաշտպանէք ձեր իրաւունքները` առանց իյնալու յարձակողական տրամադրութեան մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Վարսայարդարի կամ դիմայարդարի քով պիտի չկարենաք ունենալ ձեր ուզած ձեւը: Թոյլ տուէք, որ ուրիշներ նկատի առնեն այն, ինչ որ ձեզի կը վայելէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզ կը մեղադրեն, որ վիպային չէք: Իւրաքանչիւր բնաւորութիւն պէտք ունի նաեւ հետաքրքրուելու նաեւ այլ մարզերով: Փոփոխութիւնները օգտակար են կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վէճերը կարծր բնոյթ պիտի ստանան ընտանիքին մէջ: Վէճերը չեն լուսաբանուիր հակառակ խօսակցութիւններով: Պէտք է գտնեն հարցին ոսկի միջինը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ պէտք է նկատի առնել իւրաքանչիւր անդամին նկարագրին գիծերը: Կնճռոտ հարցեր մի՛ արծարծէք եւ մի՛ կարծէք, որ իրաւունքը անպայման ձերն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վախը ունիք, որ ձեր դրամը կը պակսի, մինչդեռ կան ուրիշներ, որոնք անհաշիւ կը ծախսեն: Ամէն պարագայի կարեւորը խնայասէր ըլլալն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ դուք ձեզ շատ առաջ մղէք, պիտի ըսեն, որ դուք շատ անձնասէր էք: Գտէք հաւասարակշռութիւնը վստահութեան եւ համեստութեան միջեւ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խրատ մի՛ տաք այնպիսի անձերու, որոնք ձեզմէ ոչինչ պահանջած են: Մեծամտութիւնը հաճելի չէ, հետեւաբար համեստ մնացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամի մը այցելութիւնը ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ: Ուրախ մնացէք այս այցելութեամբ: Ձեր զրոյցը պիտի կեդրոնանայ անցեալի լաւ յուշերուն վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարեւոր չէ, որ գիտնաք ամէն ինչ, որ կ՛անցնի ձեր շուրջը, կամ` ուզէք կատարել ամէն ինչ նոյն ատեն: Դուք ձեզ զսպեցէք նման պարագաներու: