Ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթը հաղորդեց, որ ըստ հարցախոյզի մը, Ռուսիոյ քաղաքացիները Միացեալ Նահանգները, Ուքրանիան եւ Թուրքիան կը նկատեն իրենց երկրին ամէնէն վտանգաւոր թշնամիները:
Ըստ «Լիւատա» կեդրոնին կատարած հարցախոյզին, մասնակիցներուն 72 առ հարիւրը Միացեալ Նահանգները կը նկատեն իրենց թշնամին, 48 առ հարիւրը` Ուքրանիան, իսկ 37 առ հարիւրը` Թուրքիան: Ըստ անցեալ տարի տեղի ունեցած հարցախոյզին, ռուս քաղաքացիներուն միայն 1 առ հարիւրը Թուրքիան կը նկատէր թշնամի երկիր:
Ինչ կը վերաբերի բարեկամ երկիրներուն` հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ ռուսերուն 50 առ հարիւրը իրենց լաւագոյն բարեկամը կը նկատեն Պիելոռուսիան, 39 առ հարիւրը` Ղազախստանը, իսկ 34 առ հարիւրը` Չինաստանը: