
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր «Թակեսշփիկըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ` Ութերու խմբակին վերադարձի պայմանը Մոսկուայի կողմէ Մինսքի համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումն է:
Օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Շթայնմայեր ըսած է. «Չկան համոզիչ պատմական օրինակներ, որ մեկուսացումը եւ մերժումը պիտի յանգեցնեն խաղաղութեան:
«Հիմնական արդիւնաբերական երկիրները պէտք է շահագրգռուած ըլլան Ռուսիոյ` Ութերու խմբակին, եթէ Ռուսիան կատարէ Մինսքի համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները», նշած է Շթայնմայեր:


