Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Գայլն Ու Ոչխարները

Յունիս 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_61416f

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ռամատանի առիթով թրքական բանակի սպաննուած զինուորներուն ընտանիքներուն նուիրուած իֆթարի մը ընթացքին արտասանած է խօսք մը, որուն մէջ խօսած է «ահաբեկչութեան պատճառներուն» մասին:

Ըստ անոր, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող ահաբեկչական արարքներուն նպատակը խաչակրական եւ մոնկոլեան արշաւանքներուն գործը իր աւարտին հասցնելն է: «Գոյութիւն ունի խաչակիրներուն, մոնկոլեան արշաւանքներուն եւ Սեւրի դաշնագիրին կիսատ մնացած գործը ահաբեկչական կազմակերպութեան (ըսել կ՛ուզէ` ՔԱԿ-ի) ճամբով ամբողջացնելու փափաք մը: Այս է պատճառը, որ անոնք մէկդի ձգած են գաղափարաբանական բոլոր տարակարծութիւնները, եւ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւնները իրարու միացած են մէկ ծածկի մը տակ», ըսած է ան: Թրքական լրատուամիջոցները չեն նշեր, թէ իֆթարին մասնակիցները հալած իւղի նման կլլա՞ծ են անոր խօսքերը, թէ՞ ըսած. «Եղբա՛յր, ինչե՞ր կը ձաբռտես: Ձգէ՛ օրուան ծոմապահութիւնը խաղաղութեամբ աւարտենք»:

Խաչակիրներն ու մոնկոլները ի՞նչ առնչութիւն ունին իրարու կամ ՔԱԿ-ին ու Սեւրի դաշնագիրին հետ: Երբ խաչակիրներն ու մոնկոլները Փոքր Ասիոյ տարածք արշաւեցին,  այդտեղ ո՛չ Թուրքիա գոյութիւն ունէր, ո՛չ ալ թուրք: Հարցը ո՛չ խաչակիրներն են, ո՛չ մոնկոլները, ո՛չ Սեւրի դաշնագիրը, ո՛չ ալ ՔԱԿ-ը, այլ` Էրտողանի մենատիրական իշխանութեան ամրապնդման ձգտումը: Էրտողան արտաքին խորհրդաւոր թշնամիի մը առասպելը հիւսելով եւ երկրին սպառնացող արտաքին վտանգի մը գոյութիւնը շեփորելով ո՛չ միայն կը փորձէ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ փրկարար, այլ նաեւ թրքական հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իսկական վտանգէն` իր իշխանամոլական ձգտումներէն ու գործած քաղաքական սխալներէն:

Տեղի ունեցածը յստակ է. գայլը ոչխարներուն կը ներկայանայ իբրեւ զանոնք արտաքին վտանգներէ պաշտպանելու աչալուրջ եւ անշահախնդիր կամաւոր մը:

 

Նախորդը

Օֆելիա Համբարձումեանին Աճիւնը Պիտի Ամփոփուի Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին Մէջ

Յաջորդը

Ըստ «Վետոմոսթի»-ի. Ռուսիոյ Քաղաքացիները Միացեալ Նահանգները, Ուքրանիան Եւ Թուրքիան Կը Նկատեն Ռուսիոյ Ամէնէն Վտանգաւոր Թշնամիները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?