ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Փողոցին մէջ հաճելի չէ մանուկները զբաղեցնել: Զանոնք տարէք հանրային պարտէզ մը կամ լողաւազան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կրնաք ձեր գործին յաջողութեան համար միջնորդի մը դիմել, ամօթ չէ, կարեւորը գործը յաջողցնելն է: Օգտուեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզ պիտի դիմաւորեն մեծ գոհունակութեամբ: Բարեկամներու հետ լաւ ժամանակ պիտի անցընէք փոխադարձ յարգանքով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաւանաբար ձեր աշխատանքին մէջ նոր դեր մը ստանձնէք կատարելու: Այս փոփոխութիւնը պիտի գոհացնէ ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջիններուն համար օրինակելի անձ մը պիտի ըլլաք: Անոնք պիտի հետեւին ձեզի, եւ դուք ուրախ պիտի զգաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Խրատ տուէք այնպիսի անձերու, որոնց յառաջդիմութիւնը կը փափաքիք: Անոնք գոհ պիտի մնան ձեր անկեղծ վերաբերումէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամական ձեր յարաբերութեան մէջ իրարու օգտակար պիտի ըլլաք. իւրաքանչիւրը պիտի գործէ իր գիտելիքներուն համաձայն: Այսպիսով, ձեր բարեկամութիւնը պիտի զարգանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբ աշխատանքի մէջ յարաբերութիւնը կը բարդանայ, միջոց մը հեռացէք: Դուք միայն նկատի առէք ձեր դիրքը եւ ձեր ստանալիք արդիւնքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւ հետաքրքրուելով օրուան ճամբորդական գիներու մասին` կրնաք գտնել նուազագոյն սակը, որով պիտի կարենաք դիւրութեամբ ճամբորդել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փոփոխութիւններու դիմաց տրամադիր էք փոխուելու: Լաւ է պատեհութիւններ ձեռք ձգել` հետաքրքրուելով օրուան անցուդարձերով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ պիտի կարենաք գտնել լաւ յարաբերութիւն ձեր շրջապատին հետ: Նոյն բարեացակամ վերաբերումը պիտի գտնէք նաեւ տան մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամանակ պիտի ունենաք զբաղելու ձեր ընտանեկան գործերով. կրնաք զբաղիլ տան յարդարանքով, ձեռային աշխատանքներով կամ առտնին գործերով: