ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ներկայութիւնը հաճելի է ընտանիքին մէջ: Դուք եւս պիտի ուրախանաք այս առիթով, ինչ որ բնական է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խոհեմ անձեր կրնան գտնել ոեւէ անձի զգայուն կէտը: Անձեր, որոնք կը հետաքրքրուին ամէն ինչով, կրնան մօտենալ նաեւ ձեզի: Ուշադիր եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանց փնտռելու ամէն մարդու հաճելի ըլլալը, ջանացէք լաւ տպաւորութիւն ձգելու փորձը կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբ առողջական հարցերը եռանդ կը սպառեն, պէտք է հետեւիլ այն խրատներուն, որոնք հանգստանալ կը թելադրեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ կարեւորութիւն մի՛ տաք այնպիսի հարցերու, որոնք երջանկութիւն չեն բերեր: Նկատի առէք նախասիրութիւնը ձեր կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը անձեր պիտի կարենան իրենց փնտռած գործը գտնել քիչ մը ուշ: Այս պարագային պէտք է հանդարտութեամբ մօտենալ հարցերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կրնաք ապաւինիլ ձեր ներքին զգացումներուն, բայց մի՛ աճապարէք որոշում տալու: Համբերատար եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վարչական թուղթերով զբաղելու աշխատանքը ձեզի պիտի ձանձրացնէ: Օգնեցէք դուք ձեզի, այսինքն աշխատեցէք առանց ջղայնանալու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք լաւ ընկերակից մը պիտի չըլլաք: Այս միջոցին հեռու կեցէք որոշում տալէ, ինչ որ ձեզ պիտի փրկէ ձախողութենէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փորձեցէք չփոխել ձեր սովորութիւնը, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք: Մնացէք ծանօթ ձեւերու վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ փորձէք, որ ձեր մարմինը ծանրաբեռնուի իր կարողութենէն բարձր: Մանաւանդ մարզասէրները պէտք է խնամեն իրենց մարմինը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան կեանքի մէջ հարց մը պիտի ունենաք, բայց ամէն մարդ պարտաւոր չէ մտիկ ընելու ձեզ: