ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Փորձեցէք քիչ ծախսել, որպէսզի կարենաք հետագային նոր ծրագիրներ մշակել, որոնք նիւթականի կը կարօտին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինչպէ՞ս պիտի կարենաք խոյս տալ ձանձրալի երեկոյթէ մը: Պիտի կարենաք գտնել հազար պատճառ` հրաւէրը մերժելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առողջարար հեղուկներ, թէյի տեսակներ ձեզի համար կրնան ունենալ երիտասարդացնող ազդեցութիւն: Փորձեցէք եւ գտէք այն, ինչ որ ձեզի կը յարմարի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր եւ զօրաւոր առիթներ պիտի գտնէք ձեր կապը հաստատելու ընտանիքին հետ: Այս իրողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ, եւ դուք նոր ներշնչումներ պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հրաշքներ պիտի չկարենաք ստեղծել ձեր բարեկամներուն համար. օգնեցէք անոնց ձեր կրցածին չափ, բայց` առանց ծանրութիւն դնելու դուք ձեր ուսերուն վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ տուէք, որ ձեր մտածումները շարունակեն ներշնչել ձեզ: Չէք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդէ ձեզ ձեր մտածումը: Ուրեմն լաւ է, որ ամէն բան հակակշռէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեծ փոփոխութիւն մը նշմարելի է ձեր կեանքին մէջ: Ընդունեցէք այս փոփոխութիւնը, որ ի նպաստ ձեզի է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Փափաքը չունիք ուրիշներուն մօտենալու: Առանձնութիւնը չի յարմարիր ձեր բնաւորութեան, հետեւաբար պիտի փոխէք ձեր կարծիքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ժամանակը յատկացուցէք զբաղելով ընտանի անասուններով, ինչպէս` շուն կամ կատու: Այս ձեւով կրնաք նոր գաղափարներ ունենալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անակնկալի պիտի գաք` լսելով սիրոյ յայտարարութիւն մը, անշուշտ` շատ հաճելի ձեւով: Պիտի ընդառաջէք այս հրաւէրին, որ բախտաբեր կրնայ ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցեալի սխալները հաշուի առնելով` նկատի պիտի ունենաք որոշ անհաճոյ իրողութիւն: Նման սխալներ մի՛ կրկնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի առաջարկեն նոր գործ մը: Ժամանակ ունիք այդ մասին մտածելու: Շատ բծախնդիր մի՛ ըլլաք:
