Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Այսօր Կը Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը

Յունիս 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sener-Edogan_60116

Շեներ.«Գերմանիան Կ՛իյնայ Հայկական Սփիւռքի
Կազմակերպած Խաղերուն Մէջ»
Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին
Հարցով Կը Սպառնայ Գերմանիոյ

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով այսօր Պունտեսթակի մէջ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւին,  յայտարարած է, որ Թուրքիան չունի «այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան» խնդիր:

«Մենք այս հարցին մէջ հանգիստ ենք: Գերմանիոյ մէջ այս պահուս կը բնակին աւելի քան 3 միլիոն թուրքեր, ներկայիս մեր յարաբերութիւնները չափազանց բարձր մակարդակի վրայ են: Եթէ երկիրը նման խաղի մէջ ներքաշուի, ապա ատիկա ապագային պիտի վնասէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական ու զինուորական յարաբերութիւններուն: Կը կարծեմ, որ այս բոլորը հաշուի պիտի առնուին», սպառնացած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ որոշումի որդեգրուելէն անմիջապէս ետք թրքական կառավարութիւնը մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրէ եւ համապատասխան գնահատական պիտի տայ ատոր: «Սակայն կ՛ուզեմ գիտնաք, որ այդ որոշումը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն մեզի ոչինչ կը պարտադրէ», ըսած է Էրտողան:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Իհսան Շեներ Գերմանիոյ յորդորած է «չիյնալ հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղերուն մէջ, որովհետեւ պատմական իրադարձութիւններու մասին որոշումները ոչ թէ խորհրդարանները կու տան, այլ` պատմաբանները»:

Ան նշած է. «1915 թուականը իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելը իրականութեան չի համընկնիր»: Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան մասին ապացուցող որեւէ փաստ չկայ, «միայն զրպարտութիւններ են»: «Յարգելի Էրտողանը այս հարցով յստակ ըսած է` եկէ՛ք, մենք մեր ամբողջ արխիւները պիտի բանանք, Հայաստանն ալ թող արխիւները բանայ: Սակայն Արեւմուտքը կ՛անտեսէ անոր խօսքերը` իյնալով հայկական սփիւռքի խաղերուն մէջ, որոնք քաղաքական լոպիներու հետ կը շրջին խորհրդարաններուն մէջ` Թուրքիոյ դէմ արդիւնքի հասնելու համար», ըսաւ Շեներ` աւելցնելով. «Երբ պատմաբաններու գործը քաղաքական գործիչները կը ստանձնեն, ճշմարտութեան փոխարէն ցնորք կը յառաջանայ»:

Շեների համոզումով` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ յառաջընթացէն անհանգստացողներ կան: «Էրտողան 14 տարուան մէջ Թուրքիան դարձուց աշխարհի վրայ ըսելիք ունեցող երկիր: Այդ տարիներուն ընթացքին Հայկական հարցը բազմիցս օրակարգ բերուեցաւ: Ոչ ոք հետաքրքրուած է Հայկական հարցով: Ատիկա օրակարգ բերողներուն միակ խնդիրը Թուրքիոյ ազգայնացումէն անհանգստանալն է», յայտարարած է Շեներ:

Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը այսօր Գերմանիոյ ժամանակացոյցով ժամը 11:10-ին պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմ Պունտեսթակի մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը նկատեց «անհեթեթութիւն»` աւելցնելով. «1915 թուականին Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած ոեւէ երկրի մէջ տեղի ունեցած սովորական իրադարձութիւններէն մէկն է»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր երէկ յայտնեց. «Կրնամ ըսել, որ ես կ՛ակնկալեմ եւ յոյսով եմ, որ որոշումները, որոնք շատ հաւանաբար վաղը պիտի որդեգրուին Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ, չեն յանգեցներ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ վատթարացման»:

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեան. «Պաքուի Մէջ Ռազմական Յաղթանակի Բերկրանքը Բացարձակապէս Անհիմն Է»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Մեզի Համար Բաւարար Կ՛ըլլար, Եթէ Եւրոպական Ձայները Դատապարտէին Ազրպէյճանի Գործողութիւնները»

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?