ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ աշխատանք պիտի կատարէք եւ առանձին պիտի չըլլաք այդ մասին մտածելու: Ընտրեցէք լաւագոյնը այս միջոցին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յաղթելու համար ոեւէ մէկուն պէտք է վստահ ըլլաք դուք ձեր անձին, որպէսզի կարենաք յաղթահարել ձեր դիմաց ելած արգելքները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ինքնավստահութիւնը սուղ պիտի արժէ ձեզի` գերազանց աշխատանքէ մը ետք: Ժամանակն է հանգստանալու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բարեկամները պիտի խմբուին ձեր շուրջը: Ասիկա ձեզի լաւ զգացում մը պիտի ներշնչէ, թէ` ձեր երջանկութիւնը կենսական է իրենց համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ ձեր պարտականութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ: Բայց ասիկա պիտի զօրացնէ ձեր վճռակամութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջինները պիտի խանդավառեն ձեզ, եւ դուք ալ պիտի փոխադարձէք յարմար ձեւով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անհամբերութեամբ կը սպասէք նամակ մը: Լաւ լուրերը պիտի չուշանան հասնելու ձեզի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակ պիտի կորսնցնէք խօսակցելով եւ հասկցուելով: Համբերութիւն կ՛ուզէ, բայց խուսափիլ կու տայ վէճերէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յայտագիրը պիտի աւարտէք եւ նոր շունչ մը պիտի առնէք: Պիտի կարենաք հանգստանալ, որովհետեւ նոր իրագործում մը կատարած էք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզական խաղերը թոյլ պիտի տան ձեզի ձերբազատելու աւելորդ ծանրութենէ, եւ ձեւաւորել ձեր մարմինը նախքան ամառ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան յարաբերութիւնները դարձեալ կեանք պիտի առնեն պաղ ժամանակաշրջանէ մը ետք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք բացատրել ձեր մտածումները եւ հասկնալ ուրիշներուն միտքերը: Օրը պիտի անցնի խաղաղ: