ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի զմայլիք անձի մը հմայքէն եւ դուք պիտի պարտուիք անոր զօրութենէն: Շարունակեցէք ձեր տրամադրութիւնը, որովհետեւ ձեր խօսակիցը արժէքաւոր անձ մըն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դիւանագէտ եղէք, երբ որ պէտք է: Ձեր կարծիքը շուտով մի՛ արտայայտէք, որովհետեւ հարցերու խորքին մասին տեղեկութիւն չունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեբախտաբար ունիք լաւ բարեկամներ, որոնց կրնաք վստահիլ: Անոնք ձեր որեւէ մէկ նեղութեան պարագային պատրաստ են ձեզի օգնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի կողքին ապրեցէք նոր արկածախնդրութիւն մը: Ձեզի կը մնայ ունենալ քաջութիւն` հարցերը մեկնաբանելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թերեւս լուրեր պիտի ստանաք օտար երկիր գտնուող ձեզի մօտիկ անձերէն: Իրարու հետ յարաբերութիւնը մի՛ խզէք, որպէսզի հարազատը չմոռնաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նիւթական հարցերը ձեզ պիտի մտահոգեն: Հետեւեցէք ձեր գործերուն, նորութիւններ ստեղծեցէք, որպէսզի ձեր շուրջը խանդավառութիւն ստեղծուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք մէկը արժեւորել ճիշդ իր չափով: Ձեր հաւատարմութիւնը նկատի պիտի առնուի, եւ յատուկ հրաւէր մը պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս օրերուս դուք ձեզ անհանգիստ կը զգաք: Լա՛ւ քնացէք եւ առէք կենսանիւթեր. անմիջապէս պիտի հանգստանաք: Մտահոգիչ ոչինչ կայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք սիրոյ արտայայտութիւն մը, ինչ որ ձեզի տակնուվրայ պիտի ընէ: Մի՛ շուարիք, լաւ մտածեցէք եւ անոր համեմատ վարուեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կրնաք ապաւինիլ ձեր ծնողներու օգնութեան: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հաճելի հանդիպումներ` միասին ճաշելով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գրութեամբ պիտի կարենաք ձեր միտքերը պարզել եւ ձեր նպատակին հասնիլ: Մտաւորականի ձեր կարողութիւնը պիտի արժեւորուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան հարցերը լաւ կարգադրութեամբ պիտի աւարտէք: Հեռու մնացէք մսխումէ: Խնայասիրութիւնը ձեր օրակարգը թող ըլլայ: