Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Քաղաքական Կուսակցութիւններ. «Կը Հպարտանանք Ապրիլեան Պատերազմին Լեռնային Ղարաբաղի Պետական Կառոյցներու Կազմակերպուածութեամբ Եւ Բանակին Արիութեամբ»

May 25, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

133037_52416

Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երկրորդ համաժողովին մասնակիցները ժողովի աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած են համաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն` շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, որ կուսակցութիւնները մնայուն նեցուկ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ուղիով լուծման բոլոր ջանքերուն:

«Մենք` 21-22 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայկական կուսակցութիւններու երկրորդ համաժողովին մասնակիցներս` կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու քաղաքական համակարգերու հետագայ զարգացումը, ժողովրդավարական արժէքներու հետեւողական ներդրումը, մարդու հիմնարար ազատութիւններու եւ իրաւունքներու պահպանումը, կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը եւ քննարկումները համահայկական նշանակութեան, որուն կարգին` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հարցերով, քաղաքական գործունէութեան կազմակերպումն ու գործադրութիւնը բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւններու շրջագիծին մէջ, կը հպարտանանք ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պետական կառոյցներուն  կազմակերպուածութեամբ եւ պաշտպանութեան բանակին ցուցաբերած արիութեամբ, անձնազոհութեամբ ու յաղթական ոգով եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին դրսեւորած միասնականութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Համաժողովի մասնակիցները դատապարտած են ազրպէյճանական զինուորական յարձակումը եւ ահաբեկչական գործողութիւնները ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղին եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` պետական մակարդակով որդեգրուած հայատեացութեան ու անհանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը:

Ընդգծելով, որ կուսակցութիւնները քաղաքացիներուն քաղաքական, իրաւական, ընկերային, մարդասիրական, տնտեսական եւ այլ իրաւունքներու լաւագոյն արտայայտողներն են, համաժողովին մասնակիցները հաստատած են, որ կուսակցութիւնները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն լիարժէքօրէն դիմակայելու նպատակով յաւելեալ ջանք ի գործ պէտք է դնեն իրենց մտաւորական, կազմակերպչական, կառուցուածքային եւ այլ կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ընդարձակելու համար:

«Կարեւոր կը նկատենք քաղաքական համերաշխութիւնն ու հասարակական համախմբուածութիւնը ազգային անվտանգութեան վերաբերող հիմնախնդիրներու, մասնաւորապէս, ղարաբաղեան տագնապի` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծման նպատակով: Կ՛ամրագրենք, որ արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմավարական տարողութիւն ունեցող հարցերուն մէջ կուսակցութիւններուն ընդգրկուն համագործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Առաջնահերթութիւն կը նկատենք նման համագործակցութիւն աշխուժօրէն օգտագործելը` մեզի հասանելի միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Պատգամաւորները վերահաստատած են նման ձեւաչափով քննարկումներու կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը յայտնած զանոնք պարբերական դարձնելու եւ մնայուն կերպով կազմակերպելու Ղարաբաղի մէջ` ներառելով կուսակցական կառոյցներու կարելի եղածին չափ լայն շրջանակ` կանանց կազմակերպութիւններ, երիտասարդական թեւեր, մասնագէտներ եւ այլն»:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետական, «Ազատ դեմոկրատներ», «Ազատ հայրենիք», «Ազատութիւն», «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութիւնները, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւնը, «Հզօր հայրենիք», «Միացեալ ազատական ազգային» եւ Վերակազմեալ սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնները:

 

Նախորդը

Ալիեւ Եւ Էրտողան Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Յաջորդը

Ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Որդեգրումի Հարցին` «Այս Բանաձեւին Մէջ Պիտի Դատապարտուին Հայ Ժողովուրդի Դէմ Կատարուած Տեղահանումները, Ջարդերը Եւ Բռնութիւնները» Ըսաւ Պունտեսթակի Փոխնախագահը

RelatedPosts

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.