
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Անոնք երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:
Ալիեւ Պոլիս մեկնած է` մասնակցելու համար 23-24 մայիսին տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով երկօրեայ վեհաժողովին:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը հրապարակած է վեհաժողովի ընթացքին Ալիեւի արտասանած խօսքին` Ղարաբաղին վերաբերող հատուածը:
Ալիեւ դարձեալ յառաջ քաշած է Ազրպէյճանի հողերուն 20 առ հարիւրին գրաւուած ըլլալուն եւ շուրջ 1 միլիոն ազրպէյճանցի տեղահանուածներու գոյութեան մասին թեզերը: Ապրիլի առաջին օրերուն իր երկրին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին մասին խօսելով` Ալիեւ Հայաստանը մեղադրած է պատերազմի սկսելու յանցանքով:
«Ապրիլեան յարձակումներուն ընթացքին զոհուեցան մեր զինուորներն ու խաղաղ բնակիչները: Ամբողջութեամբ կամ մասամբ վնասուեցաւ 500 տուն: Լեռնային Ղարաբաղի եւ մնացեալ 7 շրջանները կը մնան բռնագրաւուած: ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած որոշումներն ալ կը մնան թուղթի վրայ, չեն կիրարկուիր: Հայաստանի պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին պատճառով իրենց տուները լքած տեղահանուածներուն համար 6 միլիառ տոլար ծախսած ենք», ըսած է Ալիեւ:


