
«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է առանձին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` Քիլիս քաղաքի մնայուն ռմբակոծումներուն պատճառով:
«Մենք պիտի յաղթենք ՏԱՀԵՇ-ին: Մենք առանձին պիտի լուծենք այդ խնդիրը, եթէ օգնութիւն չստանանք, որ արգիլենք Քիլիսի ուղղութեամբ ընթացող հրթիռային հարուածները», յայտարարած է Էրտողան` Պոլսոյ մէջ միջազգային հանդիպումի մը ընթացքին:


