Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Պատրաստ Է Հրաժարելու, Եթէ Ապացուցուի ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Անգարայի Կապը

Մայիս 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չաւուշօղլուն Պէտք Է Հրաժարէր
«Սու-24»-ի Միջադէպէն Ետք»

Կ՛ըսէ Զախարովա

Zakharova_51816

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ի պատասխան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի այն յայտարարութեան, որ պատրաստ է հրաժարելու, եթէ ապացուցուին ՏԱՀԵՇ-ի հետ Անգարայի կապերը, յայտարարած է, որ Չաւուշօղլուն պէտք էր հրաժարէր թրքական օդուժին կողմէ Սուրիոյ վերեւ թռիչք կատարող ռուսական ռմբաձիգին վար առնուելէն անմիջապէս ետք:

Զախարովա Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Ատիկա պէտք էր կատարել անմիջապէս Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւին վար առնուելէն ետք: Իսկ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապերու համար ոչ թէ հրաժարականի կը դիմեն, այլ` բանտ»:

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Չաւուշօղլու հրաժարականի մասին յայտարարած էր ի պատասխան Վիեննայի մէջ Սուրիոյ աջակցութեան խումբի նիստին ընթացքին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Անգարայի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին յայտարարութեան:

Ան Վիեննայի մէջ յայտարարած է, որ «կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք կը խօսին ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուող թուրք-սուրիական 90 քիլոմեթր հատուածով ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման համար Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած շատ լուրջ ցանցի մը մասին»:

Չաւուշօղլու պատասխանած է. «Եթէ Ռուսիան Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու գոնէ մէկ ապացոյց ունի, ապա ես պատրաստ եմ հրաժարական տալու»:

Ան յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը, որոնց ընդմէջէն ան աւելի կանուխ բազմիցս ժխտած էր ՏԱՀԵՇ-ի հետ Անգարայի կապերուն վերաբերող տեղեկատուութիւնը, եւ նաեւ յայտարարած էր հրաժարական տալու պատրաստակամութեան մասին, եթէ այդպիսի կապը ապացուցուի:

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

«Մենք Առանձին Պատրաստ Ենք Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?