
Հայաստանի մէջ Պրազիլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էտսըն Մարինիօ Տուարթէ Մոնթէյրօ «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ ղարաբաղեան հինմախնդիրը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ եւ խաղաղ ճանապարհով:
«Վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ իրավիճակը լարուեցաւ, բռնութիւն տեղի ունեցաւ, ինչ որ բնաւ ուրախալի չէ: Պրազիլի պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ խնդիրը լուծուի խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու միջոցով: Ղարաբաղեան խնդիրը շատ զգայուն է, եւ այնպէս չէ, որ Պրազիլը կրնայ ներառուիլ այս խնդիրի լուծման մէջ», ըսաւ դեսպանը:


