Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Խախտումներ. Հակառակորդը Արձակած Է Աւելի Քան 240 Արկ

April 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khakh_42816

27-28 ապրիլի լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին, հակառակորդը հրասայլերու, տարբեր տրամաչափի ականանետերու, թնդանօթներու, «ԹՌ-107» տիպի հեռահար հրթիռներու եւ ՄՄ-21 (Կրատ) կայանքներու կիրարկումով շարունակած է հրթիռարձակումի ենթարկել պաշտպանութեան բանակի զինուորական դիրքերը` արձակելով աւելի քան 240 արկ: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, առաւել բուռն հրթիռարձակում արձանագրուած է սահմանագիծի արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով: ՄՄ-21 (Կրատ) կայանքներէ հրթիռարձակման ենթարկուած է  Մատաղիս խաղաղ բնակավայրը:

«Հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու: Այս պահու դրութեամբ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ 28 ապրիլի երեկոյեան եւս հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը անգամ մը եւս խախտած է` օգտագործելով  60, 82 եւ 120 միլլիմեթրնոց ականանետեր` հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի զինուորական դիրքերուն վրայ:

Պաշտպանութեան Բանակ. «Զինուորական Կառոյցները Օրինական Թիրախներ Են»

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած է վերէն նկարուած լուսանկարներ` պնդելով, որ անոնց մէջ նշուած բոլոր զինուորական կառոյցները, «համաձայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն (Միջազգային զինուած բախումներու զոհերու պաշտպանութեան մասին 12 օգոստոս 1949-ին,  Ժընեւի համաձայնագիրի առաջին արձանագրութիւն, յօդուած 52)», ղարաբաղեան զինուած ուժերուն համար կը հանդիսանան օրինական թիրախներ:

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծումը

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւնները Ճիշդ Ուղղութեամբ Կ՛ընթանան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.