Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Վերջին  տարիներուն, Հայաստանի  քաղաքական դաշտին մէջ յատկանշական   տարածում սկսած է գտնել «Իրական Հայաստան» կոչուող  գաղափարախօսութիւնը: Ան  յայտնապէս կ՛առնչուի  վարչապետ  Փաշինեանի  եւ անոր   քաղաքական  շրջանակին:  Ի տարբերութիւն   մեր  ազգային  գաղափարախօսութեան, այս  մէկը   փիլիսոփայական  եւ գործնական  խոր դատարկութիւն մը  կը ներկայացնէ  իր ոգիով ու   բովանդակութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան որդեգրած «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը, իբրեւ արդիական, իրապաշտ եւ պետականամէտ մօտեցում,  ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ  ազգային յենքերը վերաձեւող քաղաքականութեան ծրագիր։ Ան  կը մերժէ հայութեան պատմական յիշողութեան, հոգեւոր ժառանգութեան եւ աշխարհասփիւռ ինքնութեան բազմաշերտ իրողութիւնը։

«Իրական Հայաստան»ի  գաղափարախօսութիւնը կը տարածէ այն պատկերացումը, թէ պետութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն կառավարչական համակարգ, այլ նաեւ միակ ճանաչելի եւ օրինական յենքը, որ կը որոշէ ի՛նչ է ընդունելի՝ պատմութեան, մշակոյթի, հոգեւոր եւ քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ։ Այսինքն՝ պատմական ճշմարտութիւնները, ազգային նպատակներն ու յիշողութիւնը այլեւս չեն հիմնուիր ժողովրդական գիտակցութեան վրայ, այլ՝ պետական հրահանգով ձեւաւորուած նոր ցուցմունքներու։

Պետական դիրքորոշումը կը դառնայ բացառիկ իրաւունք ունեցող ձայն՝ որոշելու, թէ որ պայքարը կամ յիշողութիւնը «ընդունելի» է։ Արցախի հերոսամարտը, Ցեղասպանութեան պատմական արդարութիւնը, եւ Սփիւռքի ձայնը կը մղուին արհամարհանքի, մոռացութեան կամ քարոզչական «վերամշակում»ի դաշտ։ Փաստօրէն  ճշմարտութեան  եւ արժէքներու  գնահատման    միակ  ուղեցոյցը  պիտի  ըլլայ  պետութիւնը, ուրիշ ՝  ոչ  ոք:

Փաշինեան յաճախ կը շեշտէ քաղաքացիին գերակայութիւնը՝ «բոլոր հայերը հայ չեն, բոլորը հաւասար են» սկզբունքով։ Սակայն այս հաւասարութեան տակ կը ջնջուի   մեր ազգային ոգին։ Քաղաքացիական պետութիւնը, որ կը ձգտի պատկանելութիւն ստեղծել միայն անձնագրով,  հայ   ըլլալը կը դարձնէ  պատմական եւ  հոգեւոր բովանդակութենէ զուրկ դատարկ կարգավիճակ:

Հայ ինքնութիւնը բազմաշերտ երեւոյթ մըն է՝ ներառելով հայերէն լեզու, հայկական Եկեղեցի, պատմական յիշողութիւն, ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդի հոգեբանութիւն, աշխարհասփիւռ համայնքներու ,  հայապահպանում, ներգաղթ դէպի  Հայաստան  եւ այլն։ «Իրական  Հայաստան»ը այս բոլոր շերտերը կը խեղդէ պետական  յարմարեցուած յայտարարի  մը  տակ, որ կը մերժէ աւանդական ինքնութեան ազատ հոսքը։

«Հայաստանի քաղաքացին է գերագոյն արժէքը» նշանաբանը կ՚արտայայտէ հայ ըլլալը վարչական՝ ոչ թէ հոգեւոր կամ մշակութային երեւոյթ տեսնելու մօտեցումը։

Այս տրամաբանութեամբ, Ստեփանակերտի հայը կամ Պէյրութի հայ մտաւորականը, որ չէ ստացած  ՀՀ անցագիր, անոնց հայութիւնը կը նկատուի ոչ լիարժէք։

Երբ պետութիւնը կը դառնայ միակ չափանիշը ազգային ըմբռնումին, կը բացառուին այն ուժերը, որոնք անկախ գործելաոճ ունին կամ անբաժանօրէն կապուած են ոչ-պետական տարածքներով։ Այս մօտեցումով՝ Արցախը կը ներկայացուի «բեռ», Սփիւռքը՝ «անտեղեակ» կամ «խանգարող» տարր։ Այսինքն՝ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ներսի քաղաքացին կը նկատուի լիարժէք անդամ, իսկ դուրսը մնացողները՝ երկրորդական դեր ունեցողներ։

Արցախը՝ իբրեւ ինքնիշխան պայքարի ձայն, եւ Սփիւռքը՝ իբրեւ հոգեւոր եւ տնտեսական հարստութեան շտեմարան, դուրս կը մղուին պետութեան կողմէ հաստատուած «պաշտօնական ազգի» պատկերէն։ Այդ բացառումը կ՚արտայայտուի իշխանութեան լռութեամբ ու քաղաքական վարքագծով՝ Արցախի թալանուող իրաւունքներէն մինչեւ Սփիւռքի անտեսումը ազգային օրակարգին մէջ։

Այս տեսլականով, Արարատը հաւանաբար  դառնայ անցեալին «եկած» գեղարուեստական  խորհրդապատկեր, ո՛չ համազգային խորհրդանիշ։ Սուրբ Էջմիածինը՝ իբրեւ հոգեւոր հեղինակութիւն, կը նսեմանայ, իսկ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային արդարութեան պահանջք, կը վերածուի հրապարակային յիշատակութեան, ոչ՝  պահանջատիրական պայքար։

Այսպէս, «Իրական  Հայաստան»ը ոչ թէ համախմբող ու ամրապնդող ծրագիր է, այլ ազգային արժէքներէ,խորհրդանիշերէ   հեռանալու   ծրագիր, որ կը միտի հայ   ժողովուրդին արմատները  զրկել իր տարածական խորութենէն (Արցախ, Սփիւռք, Արարատ), հոգեւոր բովանդակութենէն (Աւանդութիւն, Եկեղեցի, զոհողութիւն), եւ պատմական պահանջներէն (Ցեղասպանութիւն, վերադարձ, անկախութիւն)։

Նշեալ կեղծ  փիլիսոփայական վարկածները, որքան ալ արդի  բառապաշարով հնչեն, խորքին մէջ  կը  միտին ապազգային եւ ինքնութենէ  զուրկ  հաւաքականութեան մը վերածել  մեր հայրենիքը:«Իրական Հայաստան»ի այն  տրամաբանութիւնը, որ՝ «Արցախը Հայաստան չէ» կամ՝ «Սփիւռքը  իրաւունք  չունի միջամտելու»,  Հայաստանը պիտի վերածէ  վարչական այն տարածքին, որուն սահմանները կ՛որոշուին  ոչ թէ ինքնութեամբ, այլ՝  պատահականութեամբ:

Այս  հեռանկարով,  հայրենի  հողը  դադրի   ըլլալ խորհրդանիշ :  Նոր   մեկնաբանութեամբ   եւ պարզ խօսքով՝   հողը  միայն «սահմանադրական  տարածք» մըն է:  Եթէ   մեզմէ պահանջեն զիջիլ,  պէտք է  ըլլալ «իրատես» …: Պետական մակարդակով ազգային  գաղափարախօսութեան  բացակայութիւնը տուեալ երկիրը  կը   գլորէ  անդունդ:

«Իրական Հայաստան»ի  գաղափարախօսին  բոլոր տեսութիւնները կը միտին   հնարաւոր եւ  անհնար միջոցներով   երկարաձգել   անոր իշխանութիւնը: Զարմանալի  չէ, երբ   «Իրական Հայաստան»ի   գաղափարախօսութեան  հիմունքները յայտնապէս  կը  ծառայեն  թուրք-ազերիական   միասնութեան պահանջներուն:

Փաշինեանի առաջադրած «Իրական Հայաստան»ը իրականութեան մէջ  չի  ներկայանար  իբրեւ  հայ  ժողովուրդի միասնականութիւն խորհրդանիշ:  Ան  կը ձգտի կաղապարի մէջ տեղաւորել հայը, խզուած՝ սփիւռքէն, Արցախէն, Արարատէն եւ ազգային յիշողութենէն։

«Իրական Հայաստան»ը կ՚ը հետապնդէ  իրականութեան ժխտումով կառուցուած պետութիւն մը, (տարակուսելի տնտեսապէս պահպանելու  իր գոյութիւնը),  սակայն իբրեւ  հայրենիք, զուրկ՝ արմատներէն, առաքելութենէն   եւ համաժողովրդական վստահութենէն։

Փաշինեանի  «Իրական  Հայաստան» կոչուած գաղափարախօսութիւնը   խորքին  մէջ  կեղծ  մտահայեցողութիւն մըն է,   կառուցուած՝  պարտուողականութեան, ազգային, աւանդական  եւ  պատմական արժէքները ժխտող  հիմունքներու վրայ:  «Նոր  Հայ»ու  գաղափարախօսութեան դէմ  պայքարը՝ Սփիւռք-  հայրենիք ազգային  գոյատեւման սրբազնագոյն հրամայական  մըն  է  մեր ժողովուրդին  համար:

Առանց  պատմութեան եւ պատմական յիշողութեան,  ժողովուրդ մը ամբոխ է: Առանց հողի պետութիւնը՝  վարձու շէնք: Առանց տեսլականի հայրենիքը՝  ուրիշներու  շահին  ծառայող անցողիկ կայարան:

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 208

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?