
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին յայտնած է, որ Ռուսիան չի կրնար ընդունիլ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն խօսքերը, որով ան Մինսքի խմբակի որոշ համանախագահները կը մեղադրէ «իրենց գործողութիւններով տագնապի սառեցման նպաստելու մէջ»:
Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Ռուսիան եւս «լուծում կը փնտռէ այս բարդ կացութեան, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մնալ իբրեւ լրջագոյն խնդիր»:
«Մենք իսկապէս կ՛ուզենք, որ այս խնդիրը վերջապէս հեռացուի օրակարգէն», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով, որ այդ ամէնը պէտք է կատարուի միջազգային իրաւունքի, հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:


