Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատկուան Արձակուրդի Օրերուն. Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Կացութիւնը Լարուած Մնաց

March 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzroun_32816

27 մարտին Ազրպէյճանի Ղազախի շրջանին մէջ մահացած են զինուորներ Կալիպ Լայիմ օղլու Զուլֆուքարովը (ծնեալ` 1992-ին) եւ Կաֆարալի Ինթիքամ օղլու Հաճիեւը (ծնեալ` 1997-ին): Այս մասին գրած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին, ուր նշուած է, որ զինուորները մահացած են Հայաստանի հետ սահմանին վրայ: Հետաքրքրական է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զինուորներուն մահուան մասին յայտարարութիւն հրապարակած է 28 մարտին, երբ այդ մասին արդէն իսկ տեղեկութիւններ կային ընկերային ցանցերուն վրայ` Լենքորանի շրջանի Վիլուան գիւղին մէջ Զուլֆուքարովի յուղարկաւորութենէն ետք:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն եւ պաշտպանական համակարգի այլ կառոյցներու մէջ 2016 թուականի սկիզբէն ի վեր մահացած են 11 զինուորներ, վիրաւորուած են 3 ուրիշներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ ոչ աշխատանքային օրերուն թէ՛ հայ-ազրպէյճանական, եւ թէ՛ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակը անհանգիստ էր:

«Մեր արձակուրդի օրերուն սահմանին վրայ լարուածութիւնը նկատելի էր, կարելի է ըսել, որ  Տաւուշի մարզի բոլոր սահմանային գիւղերուն մէջ կացութիւնը անհանգիստ էր: Ինչպէս գիտէք, երկու օր առաջ հակառակորդի կրակոցէն քաղաքացի մը վիրաւորուած է, այլ քաղաքացիի մը տնտեսութեան մեծ մասը վնաս կրած է», ըսած է Յովհաննիսեան: «Հայկական բանակին գործողութիւնները եղած են համաչափ, պատասխան տրուած է բոլոր թիրախային կրակոցներուն: Համաքրիստոնէական տօներուն Ազրպէյճանի կողմէ իրավիճակի ապակայունացումը, զինադադարի դրութեան պահպանման մասին միջազգային կազմակերպութիւններու յորդորները անտեսելը անպատասխան չէ մնացած», յայտարարած է Ա. Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Հայ Երեսփոխանները Հայերէնով Շնորհաւորած Են Հայերուն Ս. Զատիկի Տօնը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Ալիեւի Մեղադրանքները

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.