Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Այցելեց Արագածոտնի Մարզ Եւ Լսեց Գիւղացիներուն Մտահոգութիւնները

Մարտ 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Լոքեան
Դաւիթ Լոքեան

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 26 մարտին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արագածոտնի մարզ, ուր Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ մարզի Թաթուլ, Հացաշէն, Սուսեր, Զարինջա, Նոր Արթիկ, Ցամաքասար գիւղերուն մէջ` ծանօթանալով տուեալ շրջաններուն դիմագրաւած հարցերուն:

Յատկանշական է, որ ընտրուած շրջանները մարզերու կեդրոնէն հեռու են եւ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւեն: Նախարարին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շրջանի բնակիչները եւ գիւղապետերը անդրադարձած են առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներուն:

Թաթուլ համայնքի բնակիչներուն համաձայն, գիւղին մէջ առաջնահերթ է կաթի համար նախատեսուած յատուկ սառնարաններու ապահովումը: Անոնք խօսեցան նաեւ անասնակերի բարձր գիներուն մասին: Նախարարը խոստացաւ քննարկել եւ եթէ կարելի ըլլայ գիւղին գոնէ երկու սառնարան տրամադրել, իսկ ինչ կը վերաբերի անասնակերի (թեփ) բարձր գինին, Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ այս հարցը առկայ է նաեւ միւս գիւղերուն մէջ, ուստի իրենք կը փորձեն յստակացնել անասնակերի ներածման կապուած խնդիրները եւ լուծում տալ անոնց:

Քննարկուեցաւ նաեւ քանի մը գիւղերու համար ալրաղաց կառուցելու, ինչպէս նաեւ Թալինի մէջ սպանդանոց հիմնելու հարցը, ինչ որ որոշ չափով պիտի թեթեւցնէ գիւղացիներուն բեռը: Թալինի շրջանի գիւղերու բնակիչները հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներէն յատուկ կերպով անդրադարձած են ճամբաներու նորոգութեան հարցին: Կարգ մը գիւղերու մէջ ճամբաներու անմխիթար վիճակին պատճառով կարելի չ՛ըլլար երթեւեկել, ուստի կաթ մթերողները կը մերժեն այդ գիւղերը երթալ:

Համայնքապետերուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին նախարար Դաւիթ Լոքեան ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ յստակ ծրագիրներու կարիք կայ` մեկնելով տուեալ գիւղին դիմագրաւած հարցերէն:

Դաւիթ Լոքեան այցելեց նաեւ մարզին մէջ գտնուող «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութեան գինիի-քոնեաքի գործարան, ծանօթացաւ գործարանի արտադրութեան եւ կարելիութիւններուն: Նախարարը այցելեց նաեւ Աշտարակի բժշկական կեդրոն, ծանօթացաւ հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն եւ խնդիրներուն: Բժշկական կեդրոնի տնօրէնին եւ մարզպետին հետ քննարկուեցաւ հիւանդանոցը բարելաւելու հարցը:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Ալիեւի Մեղադրանքները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Պետականացնէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?