
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Լուէյզի, որ հիւրընկալեց Թատամոնը, 58-54 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, մինչ երկրորդին Շանվիլ, որ հիւրը եղաւ Պիպլոսի, իր կարգին պարտուեցաւ 87-73 արդիւնքով:
Վերոնշեալ երկու խումբերուն կրած պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Սաժես մնայ 7-րդ դիրքին վրայ եւ «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն մաս կազմէ այն խմբակին, որուն մէջ է Ռիատի:
Հետեւաբար, 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումը` Շանվիլի եւ Լուէյզիի միջեւ (Տիք Մըհտիի մէջ), պիտի ըլլայ ճակատագրական, եւ մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէ 8-րդ դիրքը եւ իրաւունք ստանայ մասնակցելու «ֆայնըլ-էյթ»-ին:
Նշենք, որ ցարդ միայն յստակ են երեք դիրքերը. Ռիատի` առաջին, ՀՄԸՄ` երկրորդ եւ Սաժես` եօթներորդ:
Այսօր` չորեքշաբթի, մրցում տեղի պիտի չունենայ:
Երկու մրցում տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 24 մարտին, իսկ վերջին երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 26 մարտին: