Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ծրագրած թատերական հանդիպումներու շարքի ծիրին մէջ, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին դասախօսութիւններ, կլոր սեղաններ, լիբանանահայ թատրոնի եւ թատերական խնդիրները արծարծող նիւթեր, հինգշաբթի, 10 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ հանդիպում – զրոյցը` արուեստագէտ, փորձագէտ, ֆրանսացի հեղինակ Կի Տըպորի մասին, որ ունեցած է իր յատուկ տեսակէտը արուեստի մասին, թէ արուեստը պէտք չէ ըլլայ արտադրութիւն մը, որ կը ծախուի եւ պէտք չէ զայն անջատել ժողովուրդէն, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ է: Կի Տըպոր այս գաղափարախօսութեամբ փորձագիտական գրութիւններ գրած է, նաեւ կատարած է փորձարկումներ:
Օրուան զեկուցաբերն է «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանի դասախօս Հրաչ Թոքաթլեան:


