Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Յաջողութիւնը` Միջազգային Ասպարէզին Մէջ

March 1, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerid_022916

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 26-էն 28 փետրուար 2016-ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային համագումարը:

Համաշխարհային համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ անգամ եւ, ուր  շրջանաւարտ ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ երկու տարուան իր նիւթաբարոյական գործունէութեան զեկուցումը, կը ճշդուին  կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան ուղենիշերը եւ կ՛ընտրուի ղեկավար նոր մարմին:

ՀՅԴ Երիտասարդականը համագումարին կը մասնակցէր չորս հոգինոց պատուիրակութեամբ` Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտա), Արփինէ Մարտիրոսեան (Շուէտ), Հայկ Իգիթեան (Հայաստան) եւ Կարապետ Շատոյեան (Աւստրիա):

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարին ժողովականները նախ լսեցին շրջանաւարտ մարմինի գործունէութեան զեկուցումը, ապա քննարկեցին գաղթականութեան ճգնաժամի, համաշխարհային խաղաղութեան, ընկերվարութեան եւ հանդուրժողականութեան վերաբերող հարցեր:

Աւարտին ընտրուեցաւ նոր ղեկավար մարմին եւ նախագահութիւն: ՀՅԴ Երիտասարդականը առաջադրած էր փոխնախագահի թեկնածու` Եւրոպական կոմիտէի կազմին մէջ: Երկարատեւ հետեւողական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք Կարապետ Շատոյեան ընտրուեցաւ  միջազգային ընկերվարական այս մեծագոյն կազմակերպութեան հինգ եւրոպական փոխնախագահներէն մէկը` ստանձնելով Սեւծովեան շրջանի պատասխանատուութիւնը:

Միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան մէջ բարձր պատասխանատուութիւն ստանձնելը գործելու կարելիութեանց լաւագոյն առիթ կը ստեղծէ ՀՅԴ Երիտասարդականի համար` Հայաստանն ու հայութիւնը ճիշդ կերպով ներկայացնելու միջազգային երիտասարդական հանրութեան եւ վերջիններուս ծանօթացնելու հայ ազգի արդարատենչ ձգտումներուն:

Միաժամանակ ըլլալով ղեկավար մարմինի անդամ` ՀՅԴ Երիտասարդականը նաեւ առիթ պիտի ունենայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու աշխարհի եւ շրջանի երիտասարդութեան առնչուող հարցերու եւ պահանջներու գծով:

Յիշեցնենք,  որ մայիս 2015-ին ՀՅԴ Երիտասարդականի հիւրընկալութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային խորհուրդի ժողովը` աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներէ 160 երիտասարդներու մասնակցութեամբ:

 

Նախորդը

Հայկական Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Սերպիոյ Նախագահին Հետ

Յաջորդը

ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.