Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Երուանդ Զախարեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնէն: Այլ հրամանագիրով մը նախարար նշանակուած է Լեւոն Եոլեան, որ ազատ կացուցուած է Հայաստանի վերահսկիչ պալատի նախագահի տեղակալի պաշտօնէն: