ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տան մէջ մթնոլորտը հաճելի է: Ձեզի այնպէս կը թուի, թէ անակնկալ մը պիտի ունենաք: Վայելեցէք այս ուրախ առիթը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Իտէալական երեկոյ մը պիտի ունենաք մշակութային հանդիպումի մը առիթով. այս առիթով շատ պիտի ուրախանաք եւ պիտի զարգանայ ձեր արուեստի գիտութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անցեալին վրայ մի՛ զղջաք, թերեւս ալ մոռցաք արդէն այն անպատեհութիւնները: Միշտ մտածեցէք դրական երեւոյթներու մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երաժշտութիւնը եւ արուեստը ձեզ պիտի հետաքրքրեն այսօր, եթէ նոյնիսկ անոնք ձեր խառնուածքը չեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ընտանեկան հարց մը ունիք, ճկունութեամբ պիտի շարժիք` օրուան ծառայութիւնը իրագործելու: Ժամանակը կը փոխուի, եւ պէտք է յարմարիք օրուան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դրական մտածումի մը շնորհիւ` ձեր վէճերը պիտի հեռանան, ինչպէս ամպերը` թեթեւ հովի մը հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր կարծիքը պիտի առնեն աշխատանքի մէջ: Ժամանակն է, որ ձեր գաղափարները մեղմօրէն փոխանցէք ուրիշներուն: Յաջող ժամեր պիտի անցընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի զբաղիք ձեր զաւակներով` անոնց սորվեցնելով աւանդութիւններու արժէքը: Պիտի կարենաք ձեր գիտութիւնը փոխանցել անոնց եւ գոհունակութիւն ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տնային աշխատանքը ձանձրացուցի՞չ է: Եթէ այդպէս է, բացէք ձայնասփիւռը` ունկնդրելով ժողովրդական երգեր կամ զուարթ կատակներ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ պիտի ազդուիք քննադատութիւններէ: Մանաւանդ երբ անոնք կու գան ձեր սիրած անձերէն: Շատ զգայուն մի՛ ըլլաք: Համբերեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տնտեսական հարցերը անհոգութեան մատնած էք: Պէտք է շուտով շտկէք ձեր կացութիւնը եւ շրջանցէք ձախողութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբ կը վերադառնաք ձեր կատարած ճամբորդութենէն, խօսելիք շատ բաներ պիտի ունենաք, նաեւ` ցոյց տալիք նկարներ: