Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգամ Մը Եւս Հայ Գեղանկարչութիւնը Կը Հասնի Ծայրագոյն Արեւելք

Փետրուար 19, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընդհանուր-տեսարան ՆոազԱրք-ի տաղաւարէն
Ընդհանուր-տեսարան ՆոազԱրք-ի տաղաւարէն

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով «Նոազ Ա՛րք» ցուցասրահը հայ կերպարուեստ կը ցուցադրէ Ծայրագոյն Արեւելքի մշակոյթի կեդրոններէն` Սինկափուրի մէջ: Այս տարի ան մասնակցեցաւ «Արթ սթէյճ Սինկաֆուր»-ի վեցերորդ միջազգային փառատօնին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Մարինա Պայ Սանտց» կեդրոնին մէջ: «Նոազ Արք» կը ներկայացնէր երկու հայ գեղանկարիչներ` Եուրոզ եւ Վահրամ:

Եուրոզի ստեղծագործութիւններէն անկիւն մը
Եուրոզի ստեղծագործութիւններէն անկիւն մը

Եուրոզ խորանարդապաշտ կերպարուեստագէտ է: Ան թէեւ լաւապէս ուսումնասիրած է Փիքասոյի եւ Պրաքի վերլուծական եւ համադրական խորանարդապաշտական ուղղութիւնները, սակայն իր ներշնչման բուն աղբիւրները կը մնան հայ միջնադարեան բարձրաքանդակն ու մանրանկարչութիւնը: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր գործերը իրենց ոճով ու արտայայտչաձեւերով ոչ միայն կը տարբերին դասական խորանարդապաշտութենէն, այլեւ քայլ մը առաջ կը տանին զայն ու աստիճան մը վեր կը բարձրացնեն: Եուրոզ նախ` կ՛օժտէ զանոնք վառ ու պայծառ լուսերանգներով հայկական մանրանկարչութեան նման եւ ապա  յաւելեալ աշխուժութիւն եւ թափանցիկութիւն կը հաղորդէ անոնց միջնադարեան հայ բարձրաքանդակի եւ մանաւա՛նդ խաչքարային արուեստի նման: Ան կ՛իմաստաւորէ նաեւ յղացքներու բովանդակութիւնը յատուկ խորհրդանշաններով, ինչպէս` նուռ, կապոյտ վարդ, գիրք, գինի, ոգեղէն լոյս եւ այլն:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Եուրոզ կ՛արժեւորուի ու կը գնահատուի արուեստասէր հասարակութեան կողմէ եւ մուտք կը գործէ շարք մը հեղինակաւոր թանգարաններ: Երկու անգամ կը հրաւիրուի ՄԱԿ-ի կողմէ իրագործելու համար տարուայ դրոշմաթուղթը: Առաջինը` «Մեծարանք գաղթականներուն» (2000-ին), իսկ երկրորդը` «Մարդկային իրաւունքներ» (2004-ին): Ասկէ ետք անոր կը վստահուի նաեւ «Կրամի ըուըրտծ»-ի համաամերիկեան մրցանակաբաշխութեան խորհրդանշանի յղացումը: Իսկ 2009-ին իր մեծղի մէկ կտաւը «Գթութեան լոյսը» կը զետեղուի «Պոթօսինօ Սերա» վերածնունդի շրջանէն մնացած տաճարին մէջ, ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետին:

Եուրոզի արուեստը անընդհատ եղափոխութեան ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է, ան իր ընթացիկ կերպարներուն զուգահեռ, սկսած է պատկերել չորցած ծառերով յագեցած, սակայն գեղեցիկ ու արտայայտիչ անտառներ, որոնք արձագանգն ու շունչը կը հանդիսանան ժամանակի տիրող միջազգային տագնապներուն:

Վահրամին նուիրուած անկիւն մը
Վահրամին նուիրուած անկիւն մը

Իսկ Վահրամի արուեստը թէ՛ իր բնոյթով եւ թէ՛ ներշնչման աղբիւրներով կը տարբերակուի իբրեւ առանձին անհատականութիւն եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող արուեստի դպրոց:

Խորհրդային կարգերու փլուզման ժամանակաշրջանին ռուս, ուքրանացի եւ հայ խումբ մը գեղանկարիչներ, յանկարծ նշմարեցին, որ ընդհանրական ստեղծագործական «գիծ» մը կայ բոլորին մօտ, որ կրնայ միացնել զիրենք իբրեւ յետխորհրդային գեղանկարիչներ: Այդ ընդհանրական «գիծ»-ը անհեթեթի զգացողութիւնն էր գերիրապաշտ ոլորտներու վրայ: Վահրամ բնականաբար կը միանար այդ խումբին` իբրեւ «աւանկարտիսդներէն» մէկը: Ան  ուսումնասիրելէ ետք (Ս. Փեթերսպուրկի մէջ) Վերածնունդի ռահվիրաներու արուեստի թէ՛ արհեստագիտական եւ թէ՛ գեղարուեստական կողմերը, կարճ ժամանակի ընթացքին գտաւ իր ստեղծագործական ինքնատիպ ուղին: Եւ ցուցադրուելէ ետք շարք մը միջազգային փառատօներու ընթացքին` արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքներու: Նախ` 2000 թուականին  Ժնեւի «Փալ էքսփօ»-ի մէջ դատական մարմնի կողմէ ընտրուեցաւ աշխարհի քառասուն լաւագոյն գեղանկարիչներէն մէկը եւ ապա «Միւզէ տ՛Արթ ֆանթասթիք» զուիցերիական ժամանակակից թանգարանին կողմէ ընտրուեցաւ եւ արժանացաւ տարուան լաւագոյն գեղանկարիչի տիտղոսին,որմէ ետք «Միտնայթ կէյմ» գեղանկարը սկսաւ ընդմիշտ ցուցադրուիլ թանգարանին մէջ : Այս բացառիկ յաջողութենէն ետք Վահրամ սկսաւ հրաւիրուիլ եւ ցուցադրուիլ աշխարհի այլ արուեստի կեդրոններու կողմէ, եւ անոր գործերէն շատեր մտան նաեւ միջազգային դէմքերու յայտնի հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս` Փէլէի, Սինիորա եւ Այրթըն Սեննայի, ՃէյնՍէյմուրի, Էրիք եւ Լեզա Լիտոյի եւ այլն:

Վահրամի գերիրապաշտութիւնը ուրոյն է եւ անշփոթելի` իր անհեթեթի շեշտուած զգացողութեամբ: Ան անմիջականօրէն կ՛արձագանգէ իր միջավայրին եւ կեանքէն ստացած տպաւորութիւններուն` իբրեւ ժամանակի շունչի ու ոգիի գեղարուեստական դրսեւորումի:

Նմանօրինակ երկու կայացած գեղանկարիչներու մուտքը «Արթ սթէյճ Սինկափուր»-ի նման միջազգային փառատօնի` նոր նուաճում մըն է թէ՛ յիշեալ արուեստագէտներու համար եւ թէ «Նոա՛զ Արք»-ի , որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` ցուցադրելով հայ կերպարուեստը աշխարհի տարբեր արուեստի կեդրոններու մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

Նախորդը

Ծնողներուն Կոչ Եղած Է Պոյքոթի Ենթարկելու «Վիթեք» Խաղալիքները

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. «Ի՞նչի Կը Սպասէք, Միացէ՛ք Մեզի»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?