Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. «Ի՞նչի Կը Սպասէք, Միացէ՛ք Մեզի»

February 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Տեառնընդառաջէն քանի մը օր առաջ ընկերներէս մէկը առաջարկեց ընտանիքներով երթալ Լոռի, Թուֆէնքեան աւան, «Ձորագետ» հիւրանոցը` միասին տօնելու համար հայկական հին այս տօնը եւ միաժամանակ, մէկ օր յետոյ նշելու արդէն միջազգայնացած Վալընթայնի օրը: Հեռաձայնեցինք այլ ընկերներու եւ քիչ ժամանակ յետոյ արդէն ցանկին վրայ ունեցանք 9 ընտանիք, ծնողներ ու զաւակներ միասին առած` 42 հոգի:

Ուրբաթ, 12 փետրուարին ինքնաշարժներու շարասիւնը շարժեցաւ դէպի Լոռի: Առաջին կանգառը Ապարանն էր, Գնթունիք փուռ¬խանութը, ուրկէ թոնիրի տաք հաց ու հայկական պանիր գնեցինք, ու շարունակեցինք ճամբան դէպի «Ձորագետ»: Երեկոյեան հասանք հիւրանոց ու սենեակներու բանալիները ստանալէ ու ապրանքները տեղաւորելէ ետք, հաւաքուեցանք ճաշարան` միասնաբար ընթրելու: Խումբին մէջ էին` Հայաստանէն արտագաղթած ու տասնամեակ մը ետք կրկին հայրենիք վերադարձած մէկ ընտանիք, Քանատայէն Հայաստան տեղափոխուած չորս ընտանիք, Ամերիկայէն եկած երկու, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն մէկական ընտանիք: Հայաստացի ու լիբանանահայ, քանատահայ ու պարսկահայ¬անգլիահայ, ամեիկահայ ու կիպրահայ` աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած էինք հայրենի հողին վրայ, դարձած այս երկրի զաւակները: Մեր մէջ կային դաշնակցականներ ու ռամկավարներ, չէզոքներ ու բարեգործականներ, գաղափարական տարբեր պատկանելիութեամբ մարդիկ: Ոմանք եկած էին 10-15 տարի առաջ, իսկ վերջին հայրենադարձը` ընդամէնը վեց ամիս առաջ: Մէկը գործարար էր, միւսը` ընկերութեան տնօրէն, կար գինեգործ, կար կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղւող հասարակական գործիչ, կային հեռախօսային մեծ ընկերութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ամերիկեան համալսարանի դասախօսներ, երգիչ ու ֆինանսական մասնագէտ: Տարբեր ենթահողերէ ու ցամաքամասերէ եկած հայերուս համար ամէնէն մեծ գաղափարը հայրենիքն էր` ազատ ու անկախ Հայաստանը, մեր ՏՈՒՆը:

Տեառնընդառաջի գիշերը ընթրիքը շատ աւելի ճոխ կազմակերպուած էր, իսկ ՎանԱրդի գինիներու սեփականատէրը` գինեգործ Վարուժանը, իրեն հետ հայկական առատ ու համեղ գինի բերած էր: Բնական է, որ գլուխները շատ աւելի արագ պիտի տաքնային եւ արծարծուող նիւթերն ալ պիտի դառնային նոյնքան թէժ ու հետաքրքրական: Նոր սահմանադրութիւն, նոր` համախմբական կառավարութիւն, սուրիահայութեան արտագաղթ դէպի Քանատա, տնտեսական վիճակ, եկեղեցւոյ բարեփոխման հարցեր, Արցախ ու Տեառնընդառաջ խառնեցինք իրար: Եւ այսպէս` թեր ու դէմ կարծիքներ, յուսատու միտքեր ու յուսախաբ ընող փորձառութիւններ, հակադիր կեցուածքներ ու մերթ ընդ մերթ խաչուող տեսակէտներ: Մէկ բան յստակ էր, բոլորիս համար նպատակը մէկն էր` ուժեղ եւ զարգացած երկիր` մեր երեխաներու փայլուն ապագային ի խնդիր: Եւ այս բոլորին հետ` կենացներ, երգ ու պար, մեր չորսդին վազվզող վառվռուն, ազատ ու երջանիկ երեխաներ, մէկ խօսքով` իսկական հայկական քեֆ…

Աւելի ուշ մեծով ու փոքրով հաւաքուեցանք հիւրանոցին բակը եւ խարոյկի շուրջ շարունակեցինք երգն ու պարը:

– Ասկէ աւելի լաւ Տեառնընդառաջ, ասկէ աւելի լաւ հայկական խնճոյք չի կրնար գոյութիւն ունենալ,- ըսաւ Մոնրէալէն 5 տարի առաջ Հայաստան տեղափուած Սեւակը: Իսկ Ամերիկա մեծցած, բայց Հայաստանը իր տունը դարձուցած Մատլենը Դիմատետրի իր էջին վրայ անգլերէնով ըրաւ հետեւեալ գրառումը, որ իրականութեան մէջ մեր բոլորին սրտի խօսքն էր.-

«What’s on my mind? 40+ Armenians who believed in this country enough to build a life here- care to join us? We are waiting for you!» («Ի՞նչ կայ մտքիս մէջ. 40-է աւելի հայեր, որոնք բաւականաչափ հաւատացին այս երկրին`  իրենց կեանքը այստեղ կառուցելու համար: Չէ՞ք ուզեր միանալ մեզի: Մենք կը սպասենք ձեզի»):

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Անգամ Մը Եւս Հայ Գեղանկարչութիւնը Կը Հասնի Ծայրագոյն Արեւելք

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անելիք Ունենք…»

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.