ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բախտին աստղերը ձեր դիմաց պիտի հանեն բարի մարդիկ: Պիտի կարենաք ընդհանրական հարցերու մասին մտածել եւ գոհանալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խորհուրդներ ուզեցէք այնպիսի անձերէ, որոնք ձեր մտադրութիւնը կը հասկնան, եւ անոնք ձեզի թոյլ պիտի չտան, որ յոռետես ըլլաք, նաեւ պիտի չքանդեն ձեր երազները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս իրիկուն պիտի կարենաք ձեր միտքը զբաղեցնող հարցերը արտայայտել ձեր բարեկամներուն: Անոնք ձեզի պիտի տան կարեւոր խորհուրդներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձանձրացած էք աշխատելէ այն անձերուն պատճառով, որոնք չեն գնահատեր ձեր ջանքերը: Գտէք ուրիշ գործ մը, որ ձեզի հաճելի կը թուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիրքերը լաւ ընկերներ պիտի ըլլան ձեզի ճամբորդութեան ընթացքին: Պիտի հասկնաք նոր միտքերով հարստանալ` շնորհիւ ձեր ընթերցումին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ոտքերը ամուր դրած էք գետնի վրայ` առանց երազներով ապրելու: Նոր որոշումներ պիտի տաք` գիտակցելով ձեր կարողութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ամէն անձ պիտի ջանայ իրագործումներ կատարել իր հաշուոյն: Նոյնիսկ եթէ զղջաք, կ՛արժէ լուծել այս ձեւով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կ՛աճապարէք, որ օրը շուտ աւարտի: Այսուհանդերձ, ունիք ընելիքներ, զորս չէք կրնար յետաձգել: Ստիպուած էք նոր որոշումներ տալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք հաճոյք պատճառել ձեր ընկերոջ: Մտածեցէք վիպային երեկոյի մը մասին: Պիտի կարենաք նոր եւ հաճելի որոշումներ տալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան յարկի տակ չէք կրնար ամէն տեսակի հարցեր քննարկումի ենթարկել: Խոհեմ մնալը իմաստութիւն է այս պարագային:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաճելի եւ փափկանկատ օր մըն է: Բարեկամական ձեր յարաբերութիւնները պիտի արդիւնաւորուին: Ունիք նաեւ դրամական շահեր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պարզութիւնը բաւարար է ձեր երջանկութեան համար: Հեռու մնացէք անիմաստ հարցերէ: Ձեր բարեկամները ձեզ պիտի փնտռեն այս միջոցին: