Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Զարմանալը Լաւ Է

Փետրուար 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Մարդու մը խառնուածքին մասին գաղափար մը կազմել եթէ ուզենք, կը փնտռենք մէկը որ ճանչնայ այդ մարդը ու կը հարցնենք.

– Ի՞նչ տեսակ մարդ է:

Ազնի՞ւ մարդ է, վստահելի՞, ուղղամի՞տ, սկզբունքի տէ՞ր, ճշմարտախօ՞ս, թէ՞ ստախօս եւ այլն: Հարիւր տեսակ հարցում կրնանք ուղղել այդ մարդուն  բնաւորութեան մասին տեղեկութիւն մը ստանալու համար: Բայց հարցում մը կայ, զոր բնաւ չենք ուղղեր: Կատակի համն ու համեմը ունեցող հարցում մը: Մինչդեռ շատ լուրջ հարցում է: Չենք հարցներ.

– Այս մարդը զարմանալ գիտէ՞:

Զարմանա՜լ:

Նոր չէ, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր ըրած եմ զարմանալու հրաշքին գիւտը: Զարմանալու հրաշքին: Կամ պարզապէս` զարմանալու կարողութեան: Զարմանալը կարողութեան խնդի՞ր է: Այո՛: Ամէն մարդ չի կրնար զարմանալ: Կամ ամէն մարդ չի կրնար բաւականաչափ զարմանալ: Ամէն մարդ չի կրնար տեղին կերպով զարմանալ: Ամէն մարդ չի կրնար իր մէջ երկար պահել զարմանքը կամ հարցումներ խորացնել, որպէսզի պատասխաններ գտնէ իր զարմանքին:

Շատ կը խնդամ, երբ կը յիշեմ, թէ կեանքիս մէջ երբեմն որքան զարմացած եմ ուրիշներու զարմանալու անկարողութեան վրայ: Մարդը զարմանալ չի գիտեր: Եկուր եւ մի՛ զարմանար, եթէ դուն ալ այդ զարմանալ չգիտցողներէն մէկը չես: Եկուր եւ մի՛ զարմանար: Մարդու մը հոգին ու սիրտը որքա՛ն կարծրացած, որքա՛ն կոշկոռ կապած պէտք է ըլլայ, որպէսզի ան այլեւս կորսնցնէ սա կամ նա պատահարին ու երեւոյթին դիմաց զարմանալու, այդ զարմանքը փարատելու համար հարցումներ ուղղելու իր կարողութիւնը:

Այս տեսակէտով հրաշալի էակներ են մանուկները, որոնք խօսիլ սկսելէ ու գիտակցութիւն շահելէ վերջ մինչեւ չեմ գիտեր քանի տարեկան` ամէն վայրկեան կը զարմանան ու հարցում կ՛ուղղեն: Անոնց հրաշալիօրէն, հարուստ «ինչո՛ւ»-ները, «ինչպէ՞ս»-ները: Երկու բառեր, որոնցմէ մենք կը փորձենք բանալ զարմանքներու աշխարհի մը դռները:

Բոլորս ալ ապրած ըլլալու ենք զարմանալու յատկութեամբ հարուստ մեր այդ մանկութեան շրջանը, բայց մեզմէ շատեր, երբ հրաժեշտ տուած են մանկութեան տարիներուն, հրաժեշտ տուած են նաեւ զարմանալու իրենց կարողութեան: Ինչո՞ւ: Այլեւս ամէն բան գիտեն. ամէն բանի մասին գաղափար կազմած են, ու աշխարհի վրայ իրենց համար այլեւս զարմանալի բան չէ մնացած, ատո՞ր համար է, որ չեն զարմանար այլեւս:

Այո, գիտեմ, որ ո՛չ մէկուն քով բոլորովին կը ջնջուի զարմանալու յատկութիւնը: Բայց իմ խօսքը տարբեր տեսակէ զարմանքի մը մասին է, եւ դժուար չէ հասկնալ, թէ ի՛նչ զարմանքի մը մասին է, եւ դժուար չէ հասկնալ թէ ի՛նչ է այդ: Որպէսզի բացատրեմ, թէ ինչ ըսել կ՛ուզեմ, կամ թէ ինչ տեսակ զարմանքի զգացում մըն է, որ կ՛ակնարկեմ, պիտի ըսեմ, որ ես պիտի ուզէի մարդոց հարցնել.

– Օրը քանի՞ անգամ կը զարմանաս:

Եթէ դիմացինս պահ մը մտածէ, ապա առանց աչք քթթելու, ամենայն լրջութեամբ պատասխանէ, թէ շատ, զարմանալիօրէն շատ կը զարմանայ, այն ատեն ես պիտի ըսեմ.

– Այս մարդը շատ խելացի է ու առողջ միտք ունի:

Իսկ եթէ ան զարմանքով ինծի նայի ու առանց անդրադառնալու, թէ զարմացած է այս հարցումիս, ինծի պատասխանէ, թէ շատ զարմանալու սովորութիւն չունի, այն ատեն ես պիտի ըսեմ.

– Այս մարդէն խեր չկայ: Զարմանալը ի՛նչ է` չի գիտեր: Զարմանալ չի սիրեր: Կը զարմանայ, բայց չի գիտեր, որ կը զարմանայ:

Անշուշտ քիչ մը կատակի համար է, որ կ՛ըսեմ, թէ կ՛ուզեմ դիմացինիս հարցներ, թէ օրը, քանի անգամ կը զարմանայ: Ես ալ գիտեմ, որ չենք կրնար համրել, թէ օրը քանի՛ անգամ կը զարմանանք: Բայց մենք զարմանալու բան կը գտնե՞նք մեր շուրջը, եւ թէ` որքա՞ն շատ, այս է ահա խնդիրը:

Գիտութիւնը ստեղծուած է մարդուս զարմանալու կարողութեան շնորհիւ, գիտութիւնը երեւոյթներու դիմաց զարմանալու մեր տրամադրութեան արդիւնքն է, ասիկա գրեթէ ամէն զարգացած մարդ գիտէ: Եթէ մայր բնութիւնը մեր մէջ տեղաւորած չըլլար զարմանալու ու մեզ զարմացնող երեւոյթին պատճառը պրպտելու կարողութիւն մը, մենք գիտութիւն չէինք ունենար: Ես ալ բոլորին նման գլխարկս կը հանեմ գիտնականներու այս սուրբ ու հրաշագործ զարմանքին դիմաց: Բայց իմ բուն խօսքը գիտնականներու այդ հրաշագործ զարմանքին մասին չէ: Իմ բո՛ւն խօսքը շատ աւելի պարզունակ ու միամիտ զարմանքներու մասին է, այն զարմանքներուն, որոնք ամէն վայրկեան կրնան ստեղծուիլ ու պէտք է ստեղծուին մեր ներաշխարհին մէջ, քանի որ մեզ շրջապատող աշխարհը, մեզ շրջապատող տիեզերքը մեր դիմաց զարմանալի խորհուրդներ կը հանէ ամէն վայրկեան: Բայց կէտ մը կայ: Այդ խորհուրդները զարմանալի են այն ատեն միայն, երբ մենք կը զարմանանք անոնց նայելով: Իսկ եթէ զանոնք չենք իսկ նշմարեր, անոնց առջեւէն կ՛անցնինք-կ՛երթանք առանց զարմանալու, առանց պահ մը անոնց վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու, կամ եթէ կը կարծենք, որ անոնք այնքան բնական բաներ են որքան շնչելը կամ ջուր խմելը, այն ատեն մեզի համար զարմանալի շատ քիչ բան կայ աշխարհի վրայ: Նայէ՛ ու անցիր: Քեզ չի հետաքրքրեր. քեզ չի զարմացներ, քու մէջ հասկնալու փափաք մը չի յառաջացներ:

Ես անոնցմէ եմ, որոնք ամէն օր զարմանալով կը զարմանան, անոնցմէ եմ, որոնք զարմանքով հարց կու տան, թէ կեանքը որքա՞ն անհամ կը դառնար, եթէ զարմանալու առիթներ չունենային իրենց շուրջ:

Զարմանալը լաւ է:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1966)

Յաջորդը

Յուսահատ Մտորումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?