Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան Միւնիխի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Սլովաք Եւ Վրացի Իր Գործընկերներուն Հետ

February 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

12710958_1281722145187312_6817415108908126338_o

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցած է Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած անվտանգութեան 52-րդ համաժողովի աշխատանքներուն, որուն ներկայ կը գտնուէին երկու տասնեակ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, քառասուն պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Համաժողովի շրջագիծին մէջ նախատեսուած է Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումները շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Երէկ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Սլովաքիոյ եւ Վրաստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը մտքեր փոխանակած են Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, այդ ձեւաչափով ընթացող համագործակցութեան շուրջ, նաեւ անդրադարձած են միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու:

«Էդուարդ Նալբանդեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած` Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը», կը փոխանցեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  տեղեկատուութեան վարչութենէն:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ հանդիպումին Էդուարդ Նալբանդեան վստահութիւն յայտնած է, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ հայ-վրացական բարի դրացիական յարաբերութիւնները աւելի պիտի ընդլայնուին ու խորանան:

Միխէիլ Ճանելիծէ նշած է, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ  Հայաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ ջանքերու շարունակումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր գործընկերը հրաւիրած է այցելելու Երեւան:

Նաեւ Ղարաբաղեան Տագնապին
Առնչուող Հարցերու Քննարկում

Միւնիխի մէջ տեղի ունեցող անվտանգութեան հարցերով միջազգային համաժողովի շրջագիծին մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերին հետ: ԱՓԱ  լրատու գործակալութեան հաղորդումով, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման  առնչուող հարցեր:

Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտի հանդիպումին եւս քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն` ՀՅԴ Ստեփանակերտի Գրասենեակին Մէջ

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

RelatedPosts

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ  Հաստատուած Են»
Հայկական

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ Հաստատուած Են»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.