ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կազմակերպեցէք ճաշի հրաւէր մը եւ հրաւիրեցէք հին բարեկամներ: Բացէք ձեր տան դռները նոր բարեկամներու: Նորութիւնները կարեւոր են:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ բարեկամներ ձեզ հրաւիրեն տարեդարձի մը, մի՛ մերժէք, գացէք. շատ հաճելի ժամանակ մը պիտի անցընէք: Երբեմն մարդ փոփոխութեան կը կարօտի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օգտուեցէք ձեր ազատ ժամերէն եւ կարգի բերէք ձեր հաշիւները, նաեւ` ձեր դարակները: Այս աշխատանքը շատ կարեւոր է եւ պիտանի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք գործի ճնշում, բարդ յարաբերութիւններ: Կռնակ դարձուցէք այս բոլորին եւ մի քանի օրուան համար արձակուրդի գացէք բնութեան մէջ, որպէսզի հանգստանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիջ մը ջղային էք վիճաբանութենէ մը ետք. պէտք է պահէք ձեր հանդարտութիւնը եւ զսպէք ձեր զգացումները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործակիցի մը հետ համաձայնեցէք եւ միասնաբար աշխատանք մը կատարեցէք, մեծ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Նախընտրելի է աշխատիլ երկուքով, ոչ թէ` առանձին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծրագիր մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը մշակէք, վերջապէս պիտի իրականանայ, ինչ որ ձեզի մեծ շահեր պիտի ապահովէ: Յաջողութի՛ւն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ջերմ յարաբերութիւններ, բարեկամութիւն եւ սէր` այսօր առաջին գիծի վրայ պիտի ըլլան: Դուք ձեզ շատ երջանիկ պիտի զգաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օգտուեցէք յարմար առիթէն եւ կարգի բերէք ձեր թուղթերը, ձեր ժամադրութիւնները յարգեցէք եւ ձեր վճարումները կատարեցէք անյապաղ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ծրագիրները մի՛ գործադրէք, եթէ դուք ձեզ պատրաստ չէք զգար: Եթէ կատարէք, ամէն ինչ պիտի ձախողի: Սպասեցէք աւելի յարմար օրուան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս շաբաթավերջին հետեւեցէք սննդականոնի մը, քանի որ շատ անհանգիստ կը զգաք: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամներ, գործընկեր, երեխաներ եւ ընտանի անասուններ` մեծ սիրով պիտի շրջապատեն եւ զուարճացնեն ձեզ` իւրաքանչիւրը իր ձեւով: