ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հարկ է դասաւորել կարեւոր փաստաթուղթերը: Խնդրեցէք ձեր շուրջիններէն քիչ մը օգնութիւն, որպէսզի դիւրանայ ձեր աշխատանքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր յարաբերութիւնները ոչ անձնական պիտի ըլլան նոր յայտնուող անձի մը հետ: Պիտի սորվիք դուք ձեզ ծանօթացնել եւ ճանչնալ դիմացինը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զգուշ եղէք, եթէ ձիւնի վրայ մարզանք ընէք: Կարելի է զուարճանալ` առանց վնասելու ձեր մարմինը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան կեանքին մէջ վէճերը պիտի ծանրացնեն ձեր կեանքը: Հաշտ ապրելու լուծումներ գտէք շուտով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ պիտի զբաղիք մանուկներու կեանքով, դրական պատասխան տուէք: Անոնք պիտի հասկնան ձեր ներկայութեան արժէքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տնտեսական հարց մը եթէ ունենաք, արագօրէն պէտք է ճարին նայիք, մանաւանդ եթէ մտահոգիչ վիճակի մը հասնիք: Ուշադրութեամբ շարժեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինչո՞ւ համար կարգի չէք դներ ձեր հագուստներուն պահարանը: Պիտի կարենաք նորութիւններ ունենալ եւ ապահովել ձեր ներկայանալի զգեստները: Հոգատար եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ վերջերս շատակերութիւն ըրած էք, ջանացէք հեռու մնալ ճոխ սեղաններէ: Հետեւեցէք յարմար սննդականոնի մը, որպէսզի ձեր ֆիզիքական վիճակը բարելաւուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի արտայայտուիք ծրագրի մը մասին, որ ձեր սրտին շատ կը խօսի: Արժեւորեցէք 2016-ը լաւ ծրագիրներով, որպէսզի ապահովէք յաջողութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախ ապրեցէք ներկան, ետքը շատ ժամանակ պիտի ունենաք ապագային մասին մտածելու: Զուր տեղ մի՛ մտահոգուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ հարցը ճամբորդութեան կը վերաբերի, բոլորը պիտի յօժարին երթալ դէպի արեւոտ վայրեր: Համաձայնեցէք ընկերային այս հարցը կարգադրելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ կասկածիք ձեր կարողութեան, քանի որ ունիք որոշ կարելիութիւններ` ձեր խառնուածքին յարմար: Ջանացէք ըլլալ աշխատունակ: