«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս)
Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ Լափաճեանը, որ ճոխ երգերով ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:
«Աղթամար» (Այնճար)
Մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, կազմակերպեց կաղանդի ձեռային աշխատանքներու դասընթացք մը 2 հանգրուաններով` 25 նոյեմբեր եւ 9 դեկտեմբեր 2015-ին,դասատու ունենալով Մարալ Թնքըրեանը: Դասընթացքին մասնակցեցան 8 անձեր, որոնք ջերմ եւ ամանորեայ մթնոլորտի մը մէջ սորվեցան մոմ շինել եւ յարդարել, ինչպէս նաեւ ամաններ ու գաւաթներ զարդարել:
Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած Կաղանդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ, ներկայութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի եւ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր օժանդակութեան ձեռք երկարողներուն, ըլլան անոնք հայրենակիցներ թէ ընկերուհիներ` ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը նմանցնելով ծովու մը, որուն ջուրերը երբեք չեն ցամքիր, որովհետեւ հոն թափող գետերը բազում են:
Օրուան յայտագիրը ներկայացուց Լուսիկ Քէնտիրճեան, որ յայտարարեց, թէ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Այնճարի 3 հայկական վարժարաններուն, իբրեւ կրթանպաստ. ապա, տեսերիզի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Կաղանդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Խանդավառ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով հրաւիրուած էր երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, որ իր գրաւիչ ձայնով եւ խանդավառ երգերով հաւաքոյթին ուրախ մթնոլորտը հասցուց գագաթնակէտին:
Մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը, ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ին, ճաշարան «Շալլալաթ»-ի մէջ, բարերարութեամբ` տէր եւ տիկ. Մարկոս եւ Ծովիկ Սնապեաններու, ի յիշատակ իրենց ծնողաց Սնապի եւ Լուսինի: Յանձնախումբի ատենապետ Քնար Գամպէրեանի բացման խօսքէն ետք օրուան սեղանապետ Մատլեն Խօշեան ստանձնեց յայտագիրի իրագործումը: Խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը Ցողիկ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ տարիներու բարերարներուն: Բարձր գնահատեց օրուան բարերար ամոլի նուիրատուութիւնը եւ պատուեց զիրենք յիշատակի նուէրով մը: Ապա խօսք առին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան եւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Բոլորն ալ դրուատեցին միութեան եւ բարերարին կատարած աստուածահաճոյ գործը: Ձեռնարկը ճոխացուցին երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի:
Մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2015-ին նորակառոյց «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպեց հաւաքոյթ մը դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող բժիշկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեանը, որ մեծապէս գնահատեց բժիշկներուն կամաւոր ծառայութիւնը: Ապա դարմանատան յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Մատլեն Հաւաթեան:
Բժիշկները պահ մը մոռնալով իրենց հիւանդները, յանձնախումբին եւ վարչութեան հետ վայելեցին տօնական պահեր, ընթրիքի սեղանի մը շուրջ: Անոնք դրուատիքով անդրադարձան կատարուած հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան` խոստանալով շարունակել իրենց մարդասիրական կամաւոր գործը:
«Այծեմնիկ» (Թրիփոլի)
Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարմինի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` Սիլվա Գարակէօզեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խաչուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Վարչութեան ատենապետ Էլիզ Շաթոյեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` ըսելով, որ «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տասնամեակներէ ի վեր գոյատեւած եւ եղած է շրջանի հայապահպանման փարոսներէն մէկը, շնորհիւ մասնաճիւղի ազգանուէր եւ օրինակելի ԼՕԽ-ականներու, որոնցմէ մին է Սօսի Սաւուլեանը (այժմ կիպրոսաբնակ): Վարչութիւնը, Ս. Սաւուլեանի բացակայութեան յուշանուէր մը յանձնեց տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեաններուն: Ապա քահանայ հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարները, որոնք ճոխ երգերով եւ պարեղանակներով խանդավառեցին մթնոլորտը:
«Սեւան» (Ժունիէ)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին Ժիւնիի ՀՄԸՄ-ի ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ, համախմբած էր շուրջ 85 ԼՕԽ-ականներ, համակիրներ, եւ հիւրեր: Ձեռնարկին ներկայէին նաեւ Շրջանային վարչութենէն անդամներ:
Վարչութեան ատենապետ Սեդա Սաաթճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը քաջալերեն միութեան աշխատանքը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որուն դասախօսութեան նիւթն էր «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգները»:
Դասախօութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ եւ գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ. աւարտին ան ներկաներուն բաժնեց ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբին պատրաստած «Զաւկիդ համար» խորագիրով թերթիկներ: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Շանթ Պաղտասարեան եւ երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, որ գաւառական, ժողովրդային ու սիրային երգերով ծիծաղելի մանրավէպեր պատմելով խանդավառեց եւ բարձր պահեց ներկաներուն տրամադրութիւնը:
«Արազ» (Պաուշրիէ)
Մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ժըմմէյզիի «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն, ապա հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ու բարեսիրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ օրինակելի դաստիարակութեան ու ծառայական սուրբ առաքելութեան փոխանցման` սերունդէ-սերունդ :
Օրուան երիտասարդ երգիչը` Կարոն, ջերմացուց մթնոլորտը հայկական ազգային եւ յեղափոխական երգերով, որոնք ընկալուեցան ներկաներու յոտնկայս երկար ծափողջոյններով:
«Ջաւօ Շանթ» (Տըքուենի)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպում մը, հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, վարչութեան ժողովասրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Այտա Խուստէքեանը, քոյր մասնաճիւղերու անդամներ, համակիրներ եւ հիւրեր: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժագլին Ագլեան` լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը եւ ձեռնարկներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հասոյթը տրամադրուի կարիքաւորի, հիւանդի, ծերունիի կամ աշակերտի մը:
«Գայեանէ» (Պէյթ Գօգօ)
Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, Անթիլիասի «Մեզոն Էմ.» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարօ Սալխանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբին երկայացուցիչ Սօսի Տէմիրճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող բարեկամուհիներու: Վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն ձեռնարկի իրագործման եւ յաջողութեան համար: Անոր կողմէ ասացուածքներով ու առածներով մէջբերումները աւելի հմայք տուին ձեռնարկին եւ ներկաներուն պարգեւեցին դաստիարակիչ ու հոգեթով պահեր:
Մթնոլորտը ճոխացուց Լիւսի Չամսարեան` նուագելով հայկականի կողքին այլազան մեղեդիներ: Տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում խաղ մը, որ առաւել եւս խանդավառեց մթնոլորտը:
«Աստղիկ» (Մար Մըխայէլ)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորի հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին, «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 70 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամներ:
Վարչութեան ատենապետ Արփի Մինասեան-Կոստանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց անոնց Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80- ամեակին: Մաղթեց նաեւ, որ 2016 տարին խաղաղութիւն բերէ աշխարհին, ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ հայրենիքի սահմանամերձ շրջաններուն: Գնահատեց ներկաները, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան, ուժ կորով ներշնչելով ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն:
Մթնոլորտը խանդավառեցին երգիչներ Կարօ Կէօքէօզեան եւ Պերճ Թաթարեան` ժողովրդային եւ ազգային երգերով:
«Ռուբինա» (Նորաշէն)
«Հայ ժողովուրդը սովորութիւն ունի Կաղանդը տօնելու եւ Նոր տարին դիմաւորելու ընտանեկան յարկերու տակ` ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Մենք ալ հիմա հաւաքուած ենք հոս, մեր տան մէջ, ԼՕԽ-ի հարազատ ընտանիքի տան մէջ, վայելելու ամանորեան ուրախութիւնը` նախընտրելով մեր ակումբի սրահը, քան այլոց ճաշարանները»:
Այս գեղեցիկ եւ պատշաճ խօսքերով մասնաճիւղի ատենապետ Արշօ Մկրտիչեան բացումը կատարեց Ամանորի հաւաքոյթին` կազմակերպուած մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2015-ին: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեան, «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Պաղտասարեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ: Ապա հիւր երգիչը Պերճ Թաթարեանը գաւառական եւ ազգայնաշունչ երգերով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:
«Աշխէն» (Նոր Մարաշ)
Շաբաթ, 12 դեկտեմբեր 2015-ին Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աւանդութիւն դարձած ճաշի պազարը: Սրահին սեղանները լեցուած էին մասնաճիւղի կամաւոր անդամուհիներուն պատրաստած հայկական ճաշերով, անուշեղէններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Կաղանդ Պապուկին ժամանումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:
«Նայիրի» (Անթիլիաս)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը երեքշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2015-ին ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեանի եւ շուրջ 45 ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու: Նորակազմ վարչութեան ատենապետ Վարդուկ Գալայճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ծանօթացուց վարչական նոր կազմը: Ապա փոխանցեց վարչութեան մշակած տարեկան ծրագիրը: Վ. Գալայճեան վարչութեան եւ մասնաճիւղի անունով բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն Լալա Գազանճեանին` երկրէն մեկնելուն առիթով: Ժ. Գազանճեան յարատեւ վերելք մաղթեց ԼՕԽ-ի գործունէութեան, յատկապէս «Նայիրի» մասնաճիւղին:
«Անահիտ» (Մար Եուսէֆ)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերար Արշօ Ներսէսեանի եւ ԼՕԽ-ականներու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շաքէ Դարբինեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:
«Կարինէ» (Ամանոս)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կազմակերպած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ձեռնարկ մը: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան, ԼՕԽ-ականներ, հիւրեր եւ քոյր մասնաճիւղերու ու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ շուրջ 85 հոգի:
Մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Ճուլհաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յոյս յայտնեց, որ 2016 տարին ըլլայ առողջութեան եւ երջանկութեան տարի մը: Վարչական Մարալ Պաղտասարեան փոխանցեց կաղանդը տօնելու ձեւերը` տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ Նուէր Զաքարեան անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն եւ այն ճաշերուն, որոնք մինչեւ օրս կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ:
«Հայաշէն» (Հայաշէն)
Կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ` հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար եւ մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն, խնդրեց, որ Նոր տարուան սեմին ամէն մէկ անհատ ետդարձ ակնարկ մը կատարէ եւ մտածէ, թէ ինչ բարիք գործած է անցնող տարուան ընթացքին: Ան ընթերցեց հայկական ամանորի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին զանազան գրութիւններ: Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
«Սօսէ» (Ժիպէյլ)
Շուրջ 65 փոքրիկներ իրենց մայրերուն ընկերակցութեամբ ժամանած էին Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»` ներկայ գտնուելու մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկին, շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2015-ին:
Մասնաճիւղի ատենապետ Լուսին Պեզճեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին, Պաթրունէն եւ Պէյրութէն ժամանած հիւրերուն, շրջանի հայ թէ օտար ներկաներուն եւ բոլոր ԼՕԽ-ականներուն:
Ապա Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը փոխանցեց ԼՕԽ-ի խօսքը: Ան շնորհաւորելէ ետք բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ուրախութիւն յայտնեց, որ հեռակայ Ժիպէյլի շրջանին մէջ ԼՕԽ-ը իր ներկայութիւնը փաստած եւ կրցած է ժողովուրդին վստահութիւնն ու գուրգուրանքը վայելել:
«Շուշանիկ» (Թրատ)
Շաբաթ,19 դեկտեմբեր 2015-ին, «ՆիկոլԴուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Ամանորի խրախճանքը մանուկներու եւ տարեցներու համար, որոնք մէկտեղուեցան նոյն սրահին մէջ:
Օրուան հաղորդավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է այս հաւաքոյթը, որուն նպատակն է ժպիտ դրոշմել տարեցներուն դէմքերուն եւ խանդ ու կորով տեսնել մանուկներուն մէջ: Ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Ընքապապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան:
«Հ. Սասունի» (Ֆանար)
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, շրջանի մանուկները ուրախացնելու եւ ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ մը անցընելու նպատակով, մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ին Ֆանարի մատրան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ականներու եւ շուրջ 80 փոքրիկներու:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխատենապետ Ռոզին Գարաճապրայեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա հրաւիրեց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը` ներկայացնելու յայտագիրը:
«Կարս» (Էշրեֆիէ)
Մասնաճիւղի որդեգրեալ ծերերը կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ամսուան առաջին երեքշաբթի օրը, ստանալու իրենց նիւթական յատկացումը, անհրաժեշտ դեղորայքը եւ պնակ մը տաք ճաշ, շրջանի այլ կարիքաւորներու կողքին. այս ճաշը կը տրամադրուի շրջանէն բարերարի մը կողմէ:
22 դեկտեմբեր 2015-ին, տարեցները կրկին հաւաքուեցան, տօնելու ամանորը եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու 2016 տարին:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեանը, ծերերու պատասխանատու ընկերուհին եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամները:
«Արագած» (Արագած)
Մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած տարեցներու նուիրուած Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկի բացման վարչութեան ատենապետ Սիլվա Բորբոսեան-Ուաննէս իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք ձեզի կը պարտինք մեր գոյութիւնը սիրելի մամիկներ եւ պապիկներ, դուք պահեցինք հայ ազգը, ձեր զաւակներով եւ թոռնիկներով… ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք»: Ներկայ էին աւելի քան 150 ծերունիներ` եկած Պուրճ Համուտի եւ հեռակայ շրջաններէ: Երգիչ Պերճ Թաթարեանը, ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեանի, հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի ուրախ առիթներով երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին «Մաք Տանըլտզ» ճաշարանին մէջ կազմակերպած էր փոքրերու յատուկ ձեռնարկ մը շրջանի փոքրիկներուն համար: Ներկայ եղան շուրջ 60 փոքրիկներ, որոնք նուէրներ ստացան Կաղանդ պապային ձեռամբ:
«Մեղրի» (Արեւմտեան Պէյրութ)
Մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը` «Աւանդական պազար»-ը,տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ:
Սեղանները ճոխ էին հայկական համեղ ճաշատեսակներով, խմորեղէններով ու անուշեղէններով , բոլորը պատրաստուած ընկերուհիներուն ձեռամբ, որոնց աշխատանքը իսկապէս գնահատելի էր:
«Հ. Փափազեան» (Ռաուտա)
Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել` ժպիտ մը սերմանելով անոնց դէմքերուն:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, շրջանի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի վարչութեան, օժանդակ յանձնախումբին եւ շրջանէն ծերունիներու:
Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր շրջանէն բարերարուհի մը` իր ծնողներուն յիշատակին:
Մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ բոլոր այն ԼՕԽ-ականներուն, որոնք զանազան ձեւերով մասնակից դարձած էին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: