ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ աշխատանքի մէջ դժուարութեան հանդիպիք, իրար մի՛ անցնիք: Ջանացէք ըլլալ խոհեմ, զգուշ եւ համբերատար: Պիտի յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութիւն մը կամ թեթեւ տեղափոխութիւն մը պիտի փոխէ ձեր գաղափարները: Ուրիշներու նկատմամբ եղէք սիրալիր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անակնկալ դէպք մը կրնայ գործել ի նպաստ ձեզի, եւ որ պիտի քաջալերէ յառաջացնելու ձեր մէկ ծրագիրը: Պատրա՛ստ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուսնական կեանքի մէջ` խռովութիւն, ճնշում` աշխատանքի մէջ, խառնակ բանակցութիւն: Հարկ է դիմադրել եւ անտարբեր մնալ նման պարագաներու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը շատ յարմար է ձեր սէրը արտայայտելու փունջ մը ծաղիկով, կամ վիպային պտոյտով մը: Երանելի է օրը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք դուք ձեզ լաւ բացատրելու համար: Եթէ ամէն ինչ յստակ է, ձախողութեան առիթ չկայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր զաւակներուն հարցերը թեթեւի մի՛ առնէք: Անոնք պէտք ունին բացատրութիւններու, որպէսզի հասկնան կեանքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուրիշներու հետ աշխատանք պիտի տանիք, ինչ որ ձեր սովորութեան մէջ չէ, բայց պիտի կարենաք զարմացնել շատերը` ձեր ջանքերով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կարիքը ունիք ձեր փոքր աշխատանքներուն օգտակար եղողի, մի վարանիք դիմելու ձեր բարեկամին օգնութեան: Ձեր առաջարկը պիտի ընդունուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանք եւ բարեկամութիւն լաւ ընթացքի մէջ պիտի ըլլան: Այսպիսով, պիտի կարենաք լաւ արդիւնք ապահովել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկար ժամանակի ձեր մէկ բարեկամը ձեր մօտ պիտի գայ խնդրի մը համար: Ան ձեր կարծիքը պիտի խնդրէ աշխատանք մը կիրարկելու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ծախսերուն ուշադրութիւն ըրէք: Անցեալ օրերուն շատ ծախսած էք, ներկայիս խնայողութիւն կը պարտադրուի ձեզի: