Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հոգեֆիզիքական Հիւանդութիւններ» Նիւթով

February 4, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05719

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբուժ տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ հոգեֆիզիքական հիւանդութիւնները յաճախ բոլորիս պատահող, յատկապէս տարեցներու ու փոքրերու պարագային ուշագրաւ երեւոյթ է:

Տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով հոգեֆիզիքական հիւանդութիւնը, ուր անհատի ֆիզիքական եւ հոգեկան ազդակները փոխազդուելով պատճառ կը դառնան զանազան հիւանդութիւններու, որոնք յաճախ կ՛ունենան ֆիզիքական-առողջապահական տուեալներ, բայց նաեւ հոգեբանական ազդակներ:

Յաճախ անհատի բժշկական, ինչպէս նաեւ զանազան ախտաճանաչման քննութիւններու ենթարկուելով հանդերձ, ոչ մէկ հիմնաւորում կը հաստատուի անոր հիւանդութեան ֆիզիքական առկայութեան:

Վերոնշեալ ֆիզիքական վիճակը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ, թէ ենթական կը տառապի հոգեկան ընկճուածութենէ, որուն արդիւնք են զանազան մարմնային ցաւեր ու անհանգստութիւններ:

Հոգեբուժը թուեց այն ազդակները, որոնք կը նպաստեն հոգեֆիզիքական զանազան հիւանդութիւններու:

1- Ժառանգական եւ կենսաբանական ազդակները,

2- Անցեալի, մանկութեան հետ առնչուած զանազան փորձառութիւնները,

3- Անհատի դաստիարակչական ազդակը,

4- Զանազան մշակոյթները, ընկերային պայմանները եւ օրէնքները, կենսաձեւերը կը ստեղծեն ազդակներ, որոնք առաւել կամ նուազ կ՛ազդեն հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններու զարգացման:

Տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք յաջորդաբար նշեց երեք հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ:

1- Սոմաթիկ համակարգի խանգարում.- Անհատը շարունակաբար կը գանգատի ցաւերէ, որոնց հիմքը կը կազմէ հոգեկան անհանգստութիւնը, որ յաճախ կը դրսեւորուի շատ տարօրինակ ձեւերով: Ենթական ցաւերու կողքին կը թուէ նաեւ յոգնածութիւնը, որոնք  իրեն համար շատ «հարազատ» են, թէեւ բժշկականօրէն չունին որեւէ հաստատում:

Այս վիճակը կրնայ ժամանակի ընթացքին զարգանալ եւ անհատին կեանքին կեդրոնական, շարունակական մտահոգութիւնը դառնալ, ուր յաճախ հոգեկան ընկճուածութեան պայմաններու տակ ատիկա կը ստանայ շատ աւելի ծանր վիճակներ:

2- Դարձի խանգարում (Քոնվըրժըն).- Այս հոգեֆիզիքական խանգարումը յաճախ արդիւնք է յանկարծակի անակնկալ պատահարի մը, որ շատ ծանր ազդելով ենթակային հոգեկանին վրայ, իր ֆիզիքական դրսեւորումը կ՛ունենայ, երբ անհատը յանկարծ կը դադրի խօսելէ, լսելէ, տեսնելէ, կամ լուսնոտութենէ տառապողի նման ախտանշաններէ կը տառապի: Ժամանակ մը ետք աստիճանաբար անհատը կրնայ վերադառնալ իր անցեալի բնականոն վիճակին:

3- Շինծու խանգարում (ֆաքթիշիըս).- Այս պարագան կը յատկանշուի զանազան հոգեֆիզիքական վիճակներով: Անհատը կրնայ ստեղծել եւ վերագրել իր անձին հիւանդութիւն մը, օրինակ` երբ ընտանիքին մէջ կայ շաքարախտի պարագայ մը, անհատը ազդուելով այս վիճակէն ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «շաքարախտաւոր»: Ան դիմելով շաքարախտի դեղերու օգտագործման, կ՛ունենայ ծանր հետեւանքներ:

Աւարտին տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Զինեալ Խմբաւորումներ Հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղը

Յաջորդը

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ Կրթանպաստ` Հայ Համալսարանականներուն Եւ Երկրորդականի Աշակերտներուն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.