Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հարցադրում
Մեր անմիջական պատմութիւնը մեզի կը պարտադրէ ընտրանք եւ կողմնորոշում: Եթէ անոնք չունենան յստակութեամբ բանաձեւուած ազգային, ռազմավարական, մշակութային, քաղաքական եւ գաղափարաբանական հիմնաւորումներ, ցարդ որպէս մէկ եւ մէկութեան ցանկութեամբ ապրած ընդհանուր ըմբռնումով ապրած ազգը կը զարնուի խութի: Հետեւանքը հռետորութեամբ եւ ամբոխավարութեամբ չի վարագուրուիր. կ՛ունենանք անդառնալի կորուստներ:
Տեղատուութեան եւ նահանջականութեան ջատագով գործնապաշտներ հիմնահարցերը կը ծալեն եւ վրան կը նստին, խցելով հեռանկարներու ճանապարհները` ջոջական շահախնդրութիւններով: Հիմնահարցերը երբ կ՛առանձնացուին կարծեցեալ ղեկավարումի թափահարումներով, պատշաճ եւ չանհանգստացնող լուծումներ գտնելու համար, անմիջականի ճահիճին մէջ կը խեղդենք ազգի ապագայի տեսիլքը:
Հիմնահարցերու պարզացումը եւ առանձնացումը սխալ տեղ կը տանին: Ազգայինը կը վերածուի սփիւռքայինի, սփիւռքայինը` համայնքայինի կամ թաղայինի: Անհատապաշտութիւն, տեղայնութիւն, սպառողական ընկերութեան գերութիւն, եւ իր անունը չըսող անձնատուութիւն, կը դառնան ընդհանուր վերաբերում, որ կ՛ըլլայ սկիզբ` անցեալէն խզուող նոր ընկերութեան մը. ծագումով հայու հրաժարման վիճակը:
Իրարու Զօդուած Իսկական Հիմնահարցեր
Մեր ժողովուրդի պատմութիւն-լինելութիւնը իր հունէն հանած են, եւ մենք ալ կը շարունակենք հանել` դիմելով կիսամիջոցներու, փակագիծի մէջ դնելով ամբողջի տեսիլքը: Բացասականութեան պատճառները սոսկ արտաքին չեն, նաեւ ներազգային են:
Մեր խոտորումները միշտ արդարացնելու հակում ունեցած ենք` մեզմէ դուրս նայելով, մեզմէ դուրս պատճառ եւ պատասխանատուութիւն փնտռելով: Յաջողած ենք, երբ զանոնք մեր մէջ փնտռած ենք եւ` չէզոքացուցած: Այս պատահած է պատմութեան աստեղային պահերուն: Օրինակ, երբ դարասկիզբին օրհասական կռիւ կը մղուէր Հայաստանի վերջին բեկորի պաշտպանութեան համար, հայեր, այրեր եւ կիներ իրենց ունեցած ոսկին, մատանիները եւ զարդերը բերած եւ տուած են` մասնակցելու համար պատերազմի ճիգին:
Վերջին յիսուն տարիներուն հայոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը գործունէութեան օրակարգ դարձաւ, իր մեծ կամ պզտիկ յաջողութիւններով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց իր վրայ: Ուժերը լարուած էին այդ իրաւունքները այժմէականացնելու` որպէս քաղաքական առաջադրանք, որ կը բանաձեւուէր «մեր հողեր»-ու պահանջով: Նոյն հունին մէջ ազատագրական պայքարի բնոյթով նախաձեռնութիւններ եղան` Հայկական հարցը դուրս բերելով սգատօնային փակ դռներու ետին տեղի ունեցած յուշախօսական յուզումներէ: Տարիներու թաւալումին հետ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, զուգահեռաբար խորհրդային կարգերու փլուզման, ազգային վերականգնումի (ոչ համայնքային) ըմբռնումով, հրապարակ եկաւ Դէպի Երկիր խտացեալ գաղափարով, որ ընթացիկ կարգախօսէ մը աւելին էր:
Սգատօնէ ձերբազատած ապագայակերտ Դէպի Երկիրը, խօսքէ եւ թուղթէ անդին անցնելով, չդարձաւ իրագործուելիք եւ իրագործուող առաջադրանք: Չի խօսուիր այս մասին:
Եթէ Դէպի Երկիրը հետապնդուող քաղաքական առաջադրանք ըլլար, արտագաղթ-աղէտը կը կանխուէր, անիկա տեղի չէր ունենար, տեղի կ՛ունենար հայրենադարձութիւն:
Հայկական հարցը նոր է միայն որ Դատի կերպարանքով հրապարակ կու գայ, թէեւ` մասնակի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր կալուածներուն Թուրքիայէն պահանջի օրինական նախաձեռնութեամբ: Հայկական հարցը, Հայ դատ տարազով, քարոզչական նախաձեռնութիւններու առիթ էր, որ կը կեդրոնանար Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան բարոյական պահանջի վրայ: Միջոցին, սփիւռքի համայնքներուն համար անիկա ինքնահաստատման եւ տեսանելիութիւն նուաճելու միջոց էր, ներհամայնքային համագործակցութեան առիթ, անցեալի պառակտումներու յաղթահարումով: Ինչ որ պակսեցաւ երէկ եւ կը պակսի այսօր, Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ոճիրի մեր կողմէ կատարուելիք սրբագրութիւնը օրակարգ չեղաւ եւ չէ:
Այս ընթացքը յառաջացուց տեղայնականութեան այն միտքը, որ Հայ դատի հետապնդումը սփիւռք-համայնքներու կենսունակութեան կը նպաստէր` առանց խօսելու անոր ամբողջական եւ հեռաւոր նպատակին մասին: Այդ անմիջական-հեռաւոր նպատակը դադրած է տեղայնականութեան եւ քաղքենիացման ինքնագոհ հետեւորդներու առաջնորդ ըլլալէ. Հայոց հայրենիքի ամբողջացում եւ հայրենադարձութիւն: Այսինքն սփիւռք(ներ)ի համար տեղական-տեղայնականի սահմաններուն կը մնայ:
Հայոց հայրենիքի ամբողջացումը անմիջական օրակարգ ըլլալէ դադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքներու համար, զայն խեղդած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ շրթներու ծայրով ըսուող հատուցման մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը եւ Արցախի ազատագրումը չառաջնորդեցին հայրենադարձութեան: Հայ մարդիկ, նոյնիսկ յանձնառուներ, «Հայ դատ»-ը կը համարեն սփիւռք«ներ»-ը արթուն պահելու կամ համախմբելու միջոց, մօտաւորապէս հայրենակցական միութեան պատկերով: Այսինքն խօսինք «Հայ դատ»-ի մասին, բայց հայրենիքի ամբողջացման ճառէն անդին յանձնառութիւն պահանջող վերաբերումէն հրաժարինք եւ «հայրենադարձութիւն»-ը ազգային իրաւ քաղաքականութիւն եւ նոյնքան յանձնառութիւն չհամարենք:
«Հայ Դատ»-ը Արհեստական Շնչառութեան Գործիք Չէ
Պարզ պէտք է ըլլայ, եւ` առանց ճապկումներու, որ Հայ դատը սփիւռք(ներ)ի արհեստական շնչառութիւն տալու գործիք չէ, եթէ անոր պաշտպանները իրենց անձին օրինակով չեն հաւատար եւ յանձնառու չեն հայրենիքի ամբողջացման եւ հայրենադարձութեան:
Հայրենիքի ամբողջացումը եւ պաշտպանութիւնը չեն կրնար իրականանալ առանց հայրենադարձութեան: Առանց այս գիտակցութեան եւ անոր հետեւող ընթացքի` սփիւռք(ներ)ը կը դառնայ ինքնանպատակ, ոչ թէ` տրոհուած ազգի հատուած, այլ` ինքնանպատակ դարձած հաւաքականութիւն, որ կը շարունակէ ինքզինք համարել «ազգ», յաւերժացող գաղթականութիւն:
Իսկ հայրենադարձութիւնը գաղափարախօսական հիմնաւորում պէտք է ունենայ եւ ան ներշնչուած պէտք է ըլլայ զանգուածներէն: Արդիւնքը կը չափուի թիւերով եւ ոչ` ոտքի քնացնող ենթագաղափարաբանական ճառով (logiomachie): Այսինքն սփիւռք(ներ)ի հայը պիտի գիտնայ, համոզուի եւ յանձնառու ըլլայ, որ հայու ինքնաիրականացումը կ՛անցնի հայրենադարձութեան ճամբով` ո՛չ հայասիրութեամբ, ո՛չ բարեսիրութեամբ, ո՛չ այլազան ծառայութիւններով: Երբ այսօր հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար, ոչ միայն ապակայունացած շրջաններէ, պէտք է քաջաբար ընդունիլ, որ հայաստանեան եւ սփիւռքեան ղեկավարութիւնները ձախողած են:
Մասնագէտ մը պէտք է օր մը ըսէ` թիւերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուելով, թէ քանի՛ միլիոն մարդ կրնայ բնակիլ Հայաստանի մէջ (ներառելով Արցախը, որ Հայաստան է` անկախաբար միջազգային որձեւէգ բացատրութիւններէ): Խօսքը կը վերաբերի ո՛չ զբօսաշրջիկներու եւ ո՛չ ալ խնայողութեամբ իրենք զիրենք հանգստեան կոչողներու` վայելելու համար հայրենիքի օդը եւ ջուրը:
Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, որ սփիւռք(ներ)ը ինքնանպատակ չեն եւ չեն կրնար յաւերժանալ: Ճիշդ է, այսօր, թուական պատկերով, սփիւռքները աւելի կը կշռեն, քան Հայաստան-Արցախի բնակիչները: Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, որ ազգի գոյատեւման արգանդը հող-հայրենիքն է: Այս ըմբռնումով է, որ հայրենադարձութիւնը գոյատեւման երաշխիք է, իսկ սփիւռքներու գոյատեւման երաշխիքներու լաւագոյններն անգամ միայն ժամանակաւոր են: Արգիլուած չէ երբեմն հեռանալ զգացական եւ արդարացման ճառերէ: Օրինակ, տեւելու եւ տոկալու լաւագոյն պատուանդանը հայ դպրոցն է եւ է: Սակայն ի՞նչ կ՛ըսէ պատմական հոլովոյթը:
Լիբանանի մէջ եղած են 66 վարժարաններ, այժմ կը գործեն 24: Սուրիա եղած են 64, այժմ` 10: Իրան` 50, այժմ` 10: Թուրքիա` 29, այժմ` 16: Եւ միայն Պոլսոյ մէջ:
Միացեալ Նահանգներ կամ Ֆրանսա դպրոցական տարիքի հայածնունդներու չնչին տոկոսը կը գտնուի հայկական վարժարանի մէջ: Հետեւաբար սփիւռք(ներ)ի գոյատեւումը որպէս հայկական, եթէ ճառերը եւ անհանգիստ չըլլալու ճապկումները մէկդի դնենք, լաւատեսութիւնը անհեթեթութիւն կը դառնայ:
Իրաւութեամբ Կրնա՞նք Եզրակացնել
Նուազագոյն ողջախոհութիւնը, ազգի տեսանկիւնէ, հայրենադարձութիւնն է:
Սփիւռք(ներ)ը անխուսափելիօրէն դատապարտուած են ուծացման (դպրոցներու համրանքի նուազումը չափանիշ է) կարծեցեալ իմաստութեամբ ընդունուած ծագումով հայու վիճակը, որ իրավիճակ չէ, պահելու համար կարգախօսային երազ մը պէտք է, եւ այդ երազն ալ Հայ դատի աղմուկ ստեղծելու անհեռանկար յարմար տարազը կը համարեն` հայրենադարձութեան բացակայութեան:
Ժողովուրդն է, որ իր Դատը կրնայ հետապնդել, որուն համար յանձնառութիւն պէտք է, սովորաբար կ՛ըսենք նաեւ` զոհողութիւն: Հայ դատ հետապնդելը աղմկարարութիւն է, եթէ հայրենադարձութեան համոզում չունին զանգուածները, եթէ հայրենադարձութիւնը չհետեւի ամպագորգոռ ճառերու:
Այսինքն, եթէ հայրենիքի տիրութեան գիտակցութիւն չկայ:
Եթէ Հայ դատ չի հետապնդուիր հայրենիքի ամբողջացման եւ հայրենադարձութեան համար միաժամանակ, այլ` նպատակ ունենալով սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը, այդ կ՛ըլլայ ազգի անձնատուութիւն:
Ղեկավարութիւնները եթէ չսեւեռեն հիմնականը, այսօրուան եւ վաղուան համար ազգի եւ իր մշակոյթի մէկութիւնը, արտագաղթը կը շարունակուի եւ հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար:
Եւ օր մը պատմաբանը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ բան էր Հայ դատը` անտէր հողերուն բաղդատած:
20 յունուար 2015, Նուազի-լը-Կրան