Պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի կապի եւ փոխադրութեան նախարար Գագիկ Բեգլարեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհատ Ջահանկիր յայտնած է, որ Թեհրան ոչ մէկ սահմանափակում ունի Երեւանի հետ յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման առումով: Ան դիտել տուած է, որ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները միշտ լաւ ու բարեկամական եղած են: Երկու երկիրներուն միջեւ հին ժամանակներէն սկսած պատմական ու բարի դրացիական կապեր հաստատուած են:
Էսհատ Ջահանկիր ընդգծած է, որ Իրանի դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներու շրջանին ալ Իրան դրական ու կառուցողական կապեր ունեցած է Հայաստանի հետ եւ նշած, որ պատժամիջոցներու ջնջումը եւ դրամատնային հարցերու լուծումը երկու երկիրներու դրամատնային համագործակցութիւններուն համար նոր կարելիութիւն պիտի ստեղծեն:
Նախարար Գագիկ Բեգլարեան նշած է, որ Իրանի հետ գործակցութիւններու համակողմանի ընդլայնումը Հայաստանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Անդրադառնալով փոխադրութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու նախագիծերուն` Բեգլարեան բացատրած է, որ Հայաստան կը փափաքի նախագիծերու գործադրութեան համար օգտուիլ Իրանի ընկերութիւններու կարողութիւններէն, քանի որ անոնք նման նախագիծերու գործադրութեան փորձառութիւն ունին: