ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրուան ընթացքին հակառակ տրամադրութիւն մը պիտի ստեղծուի ձեր շուրջը: Մի՛ հակաճառէք, այլ մնացէք հանդարտ, որպէսզի կացութիւնը մեղմանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքի մէջ խլրտումներ կրնաք ունենալ: Հեռու մնացէք ջղայնութենէ եւ նախանձէ: Կարելի եղածին չափ հանդարտ մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ջանացէք ընկերային թէ աշխատանքի ձեր կեանքը բարելաւել համեստ վերաբերումով: Այնպէս մը ըրէք, որ բոլոր առիթները ի նպաստ ձեզի ըլլան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պաշտօնի փոփոխութիւն պիտի ունենաք, պիտի համակերպիք, բայց նոյն ատեն յաւելեալ պահանջներ պիտի ներկայացնէք: Գիտակից եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքը եւ այլ գործեր պիտի ստիպեն ձեզի` տալու նոր որոշումներ: Պահանջկոտ մի՛ ըլլաք, շարժեցէք ըստ օրուան վիճակին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամսուան կէսէն սկսեալ ձեր գործերը աւելի յաջող պիտի ընթանան, ձեր աստղը առիթներ պիտի ստեղծէ ձեզի` ձեր փափաքները իրագործելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործին մէջ մեծ փոփոխութիւն մը նկատելի է, իմաստութեամբ հետեւեցէք այս փոփոխութեան` առանց ձեր անձը յառաջ մղելու: Համբերեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ առանձին կը զգաք, սէրը պիտի բախէ ձեր դուռը: Նոր եռանդով պիտի յառաջանաք: Նուէրներ պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տարին աւարտած էք բարեկամական սերտ կապերով, ինչ որ պիտի շարունակուի ներկայիս: Ձեր գործերը յաջող պիտի ընթանան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժամանակը շատ յարմար է կապեր ստեղծելու բարեկամական թէ նիւթական ակնկալութիւններու պարագային: Հիւրեր պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրուան աշխատանքը եւ բարեկամութիւնը լաւ գետնի վրայ են: Պիտի կարենաք կարգադրել օրուան հարցերը: Ոմանք պիտի դիմեն ձեզի` ձեր կարծիքը ստանալու հարցի մը շուրջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յոգնած կը թուիք ըլլալ, դադար մը տուէք եւ հանգստացէք: Ձեր որոշումները կրնաք կատարել հանդարտ տրամադրութեամբ: