ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանք, անձնական հարցեր եւ բնակարանի խնդիր պիտի զբաղեցնեն ձեր օրը: Փոփոխութիւն մը կայ օրուան ծրագրին մէջ: Հետեւեցէք անոր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրիշներու հետ հարկ է որոշ հեռաւորութիւն պահել: Այսպիսով պիտի կարենաք օրուան խնդիրները կարգադրել` առանց մտահոգուելու: Օրը հաճելի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամուսնական կեանքի թէ գործի մէջ պէտք է հարցերը կարգադրել իմաստութեամբ: Կարծիքներու տարբերութիւն կ՛ըլլայ, բայց զանոնք համերաշխ կերպով պէտք է ընդունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սէրը զօրաւոր կերպով պիտի զգացնէ ինքզինք ձեր մէջ, եւ այսպիսով պիտի փոխէ կեանքը դիտելու ձեր համոզումը: Ականջ տուէք ձեր սրտի ձայնին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճշգրիտ հեռանկարներ ձեզ պիտի մղեն մօտենալու իրաւ կեանքի: Մնացէք ուշիմ` հետեւելով ձեր խղճի ձայնին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամիսը շատ յարմար է նոր պաշտօն մը գտնելով եւ լաւ դրամ ապահովելու: Ասկէ աւելին ակնկալելու փափաքը մի՛ ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինչ կը վերաբերի ձեր աշխատանքին, ձեր բախտին աստղը պատրաստ է օգնելու ձեր բոլոր ծրագիրներուն: Օրը նպաստաւոր է` կատարելու ձեր փափաքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ջերմ վերաբերում մը պիտի ունենաք սիրելի անձի մը նկատմամբ: Միասնաբար պիտի ծրագրէք այն, ինչ որ յարմար է ձեր կեանքին համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այս օրերուն բարեկամութիւնը զօրացած է ձեր սրտին մէջ: Ձեր բարեկամները համախոհ պիտի ըլլան ձեր որոշումներուն եւ միասնաբար պիտի յառաջանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան կեանքին մէջ թէ ձեր գործունէութեան պարագային, գալիք օրերը յուսատու պիտի ըլլան` աւելի լաւ կեանքի մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տարին աւարտած էք յաջողութեամբ, գալիք օրերը բարեբաստիկ են: Ձեր ճիգերը պիտի արդիւնաւորուին: Պիտի յառաջանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ մրցակցութեան մը պատճառով գէշ վիճակ մը կը տիրէ, որ վախ կ՛ազդէ: Ուրիշին գործին միջամուխ մի՛ ըլլաք: