Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարէն Պետրոսեան. Անհեթեթի Եւ Գերիրապաշտութեան Ոլորտներու Վրայ

Յունուար 11, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

c089b132487435Թէեւ արուեստի պատմութեան մէջ կերպարուեստագէտներու օրինակները բազմաթիւ են, որոնք միաժամանակ ստեղծագործած են թէ՛ իբրեւ ճարտարապետ, թէ՛ իբրեւ քանդակագործ եւ թէ՛ իբրեւ գեղանկարիչ, սակայն շատ քիչեր են անոնք, որոնք երեք մասնագիտութիւններու մէջ ալ փայլած են հաւասարապէս: Վերածնունդի շրջանի լաւագոյն օրինակը թերեւս Միքելանճելոն է, սակայն անկէ քանի մը հարիւր տարի առաջ մենք ունեցած ենք Մոմիկ վարդապետը, որ թէ՛ ճարտարապետութեան, թէ՛ բարձրաքանդակի եւ թէ՛ գեղանկարչութեան մէջ գլուխ գործոցներ կտակած է մեզի` տաղանդի նոյն ու բարձրորակ ուժգնութեամբ: Ընդհանրապէս գեղանկարիչներէն շատեր փորձեր կատարած են քանդակագործութեան մէջ եւ` հակառակը: Իսկ դարձեալ շատ քիչ են անոնք, որոնք իրենք զիրենք լաւագոյնս դրսեւորած են թէ՛ իբրեւ քանդակագործ եւ թէ՛ իբրեւ գեղանկարիչ: Այս առումով մեր իրականութեան մէջ յաջողագոյն կերպարուեստագէտը կրնանք համարել Երուանդ Քոչարը, որ ստեղծողն ու զարգացնողն է նաեւ «Նկարչութիւն տարածութեան մէջ» (peinture dans l՛espace) կերպարուեստի տեսակին: Թէ՛ քանդակի եւ թէ՛ գեղանկարչութեան մէջ, Քոչարէն ետք, յաջորդ սերունդներուն մէջ գրեթէ չունինք նման հարցերով զբաղող արուեստագէտ, թէեւ կարելի է յիշատակել Յակոբ Յակոբեանն ու յատկապէս Կարէն Պետրոսեանը:

Կարէն Պետրոսեանը նախ եւ առաջ յանձնառու կերպարուեստագէտ է. սակայն անոր յանձնառութիւնը նեղ ազգային կամ հատուածական բնոյթ չունի, այլ անոր ստեղծագործական գործընթացը կը տարածուի մարդկային եւ համամարդկային տարածքներու վրայ: Անոր ստեղծագործութեան կարկինը լայն է ու համապարփակ: Ան Կեանքը կը կշռէ անհունութեան ծիրի վրայ` առանց կարենալ տեղաւորուելու եւ ճշդելու անջրպետի սահմաններն ու հնարաւորութիւնները:

20_garen_011116

Հակառակ անոր որ Կարէն Պետրոսեան կը կերտէ ընդհանրացուած կերպարներ, զանոնք կը պատկերէ կամ կը քանդակէ տարբեր տեսակի յստակ միջավայրերու մէջ, որոնք յղի են տագնապներով, վտանգներով, ու մասամբ նորին: Նոյնիսկ բնապատկերներէն շատեր, լպրծուն տարածքներ են, ուր հրաբուխներ կը ժայթքին, հողն ու երկինք երբեմն ջուրն իսկ կը բռնկին, երկիրը կը սասանի, ապրելու ու գոյատեւելու տուայտանքը կը սաստկանայ, եւ մարդը կը դրուի ապագայի անորոշութեան յանձնառութեան տակ: Այս բոլորը Կարէն Պետրոսեանի արուեստին մէջ կը դրսեւորուին ենթագիտակցաբար եւ տարերայնօրէն: Իր պարագային գլուխ գործոցը իր ենթագիտակից աշխարհն է, որ կը գործէ անհեթեթի եւ գերիրապաշտութեան ոլորտներու վրայ: Նոյնիսկ անոր վերարտադրած կտաւները մակարդուած կը թուին ըլլալ գերիրապաշտական տարբեր տեսակի հակումներով:

Այս տաղանդաւոր կերպարուեստագէտը ծնած է 1952-ին: Աւարտելէ ետք Երեւանի գեղարուեստից ուսումնարանը, կը մեկնի Լենինկրատ (Ս. Փեթերսպուրկ) կատարելագործելու համար մասնագիտութիւնը տեղւոյն կերպարուեստի կաճառէն ներս: Ցարդ մասնակցած է արուեստի տպագրութեան եւ քանդակագործութեան քանի մը միջազգային մրցոյթներու` ճափոնի եւ Եւրոպայի մէջ: Բացի Քանատայէն եւ Երեւանէն, անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր քաղաքներու մէջ եւ արժանացած` ջերմ ընդունելութեան:

«Աղթամար», 2015, Վանայ լիճ
«Աղթամար», 2015, Վանայ լիճ

Կարէն Պետրոսեանի ստեղծագործական կեանքը անցած է ստեղծագործական տարբեր շրջաններէ եւ հոլովոյթներէ եւ անընդհատ զարգանալով եւ թէկուզ կերպարափոխուելով` էապէս մնացած է նոյն մարդկայնական կեցուածքի վրայ, առանց դաւաճանելու իր ներքին խիտ ու տարերային թելադրանքներուն: Ինչ ալ քանդակէ կամ պատկերէ Կարէն Պետրոսեան անոր ելակէտը մարդն է` իր գոյատեւելու պայքարին մէջ, սակայն` յանուն գեղեցիկ ու խաղաղ կեանքի: Հարկաւոր է վերլուծել եւ բացայայտել անոր ստեղծագործական տարբեր շրջանները` կարենալ մեկնաբանելու համար իր վերջին ստեղծագործութիւնները, որ մեղուի փեթակներ են (ըլլան անոնք` քարակերտ, փայտաշէն կամ մոմաշէն), որոնց վերջնական ձեւաւորման մէջ մեղուները իրենց բաժինը կը բերեն: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ այս բազմակողմանի արտայայտելաձեւերու տէր կերպարուեստի արուեստը կարիքը ունի աւելի խոր վերլուծումներու եւ աւելի լայնածաւալ մեկնաբանութիւններու: Ան անընդհատ որոնումներու եւ նոր յայտնաբերումներու բեղմնաւոր ընթացքի մէջ է:

 

 

Նախորդը

Մարիա Եակոբսոն

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Հրատարակուեցաւ Ռուբէն Զարդարեանի Յօդուածներու Ժողովածոն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?