Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ենիչերի

Յունուար 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ.Պ.

janissaires_011116Ֆրանսական «Ֆիլոզոֆի մակազին» ամսագրի նախորդ հոկտեմբերի համարին մէջ Թոպի Նաթան ստորագրած է կարճ, բայց կարեւոր յօդուած մը` անցեալի օրինակով ներկան լուսաբանող: Ֆրանսերէնը կարդացողներ կ’ըլլան: Հայկական թերթերը եթէ արտատպեն կամ թարգմանելով հրատարակեն, այսպէս կոչուած ազատ աշխարհը եւ ժողովուրդները կը լուսաբանեն, առանց ճառի եւ հռետորութեան: Ֆրանսացին ենիչերին կը կոչէ janissaire, արաբը` ինքիշարի: Ենիչերիները կը համարուէին օսմանեան բանակի ընտրանի: Ան ընտանիքի եւ հայրենիքի սէր կը փոխարինէր կրօնական մոլեռանդութեամբ: Օսմանի լուծին տակ ապրած ժողովուրդներու պատմութիւնը կը յիշէ անոնց խժդժութիւնները: Այս էջը զգուշացում մըն է: Անցեալին թուրքը կ’առեւանգէր մանուկները, կը ջնջէր անոնց յիշողութիւնը, կը դարձնէր հլու կամակատար զինուոր, այսօր ձեւը փոխուած է եւ համացանցով կ’առեւանգեն հոգիները: Եւրոպայէն մանուկներ եւ երիտասարդներ կը հաւաքագրուին ծայրայեղականութեան եւ կը դառնան ահաբեկիչ: Ընտանիքներ կը մատնուին ողբերգութեան: Եւրոպա, Ամերիկա, Ռուսիա, հաւասարապէս վարակուած են եւ կը խարխափեն: Յիշեալ երկիրները կը կռուին Միջին Արեւելքը ապակայունացնող ուժերու դէմ, որոնց մէջ են նաեւ իրենց քաղաքացիները: Ֆրանսա հարց կը յարուցէ, թէ իր օդուժը իրաւունք ունի՞ ռմբակոծելու թիրախներ, ուր կը գտնուին իր քաղաքացիները: Փապարին (tunnel) ելքը չ’երեւիր: Դարմաններ կը փնտռուին առաջքը առնելու համար հոգիներու գրաւման: Մեր դարուն ալ ենիչերի կը ստեղծեն: Այս կարճ յօդուածը ուշադրութեան արժանի է` տեսնելու համար անցեալը եւ ներկան, հարց տալով, թէ ի՞նչ պէտք էր որ ըրած ըլլայինք եւ չենք ըրած: Օսմանի քաղաքակրթութիւնը եւ անոր ժառանգները խնկարկողները կը մտածե՞ն, երբ լիաբուռն կ’օժանդակեն, որ իրենք զիրենք կը դնեն պատի տակ, որ հարուածուին: Հարցում` աշխարհի իրաւարարներուն:

Թոպի Նաթան դիւանագէտ է, դասախօս եւ մասնագէտ ցեղային հոգեբուժութեան:

 

YENIÇERI (Tobi Nathan)

Բարձրագոյն դուռը, ԺԴ. դարէն սկսեալ, կ’առեւանգէր իր թշնամիներուն զաւակները` զանոնք դարձնելու համար իր ընտրանի գունդերուն անդամ, janissaires: Դարձի մը (retournement) պատումը:

Օսմանեան  կայսրութիւնը կազմակերպած էր զօրահաւաքի նրբազնին (sophistiqué) եղանակ մը, զինեալ ընտրանի գունդերուն համար. ենիչերիները: Թրքերէն ենիչերի  բառը կը նշանակէ «երիտասարդ <կամ նոր> գունդ»: Այս միաւորը կազմուած էր կայսրութեան առաջին երեք դարերուն, ԺԴ.-ԺԷ., քրիստոնեաներու զաւակներով, յափշտակուած իր սահմաններու ծայրամասերէն: Թշնամիներու մանուկները նախատեսուած էին դառնալու իսլամութեան յառաջամարտիկները: Կալանք, որ թուրքերը մեղմաբանութեամբ կը կոչէին` տէվշիրմէ (devchirmé), «պտղահաւաք»: Ուրեմն լաւագոյնները կ’առեւանգուէին, «կը թրքացուէին» եւ կ’իսլամացուէին: Ամէնէն գեղեցիկները, ամէնէն օժտուածները կը ղրկուէին սուլթանի ապարանքը եւ յաճախ կը բարձրանային հռչակաւոր դիրքերու: Միւսները նախ կը ղրկուէին Անատոլու` աշխատելու համար դաշտերու մէջ, «կարծրանալու»` «օտար մանուկներու» խումբին մէջ ուժ պահանջող աշխատանքով, Կալիփոլի, Էտիրնէ կամ Պոլիս, ենիչերիներու շարքին մէջ ներառուելէ առաջ: Ինչ որ ալ ըլլար, անոնք կը մնային քափիքուլլարի, «դրան ստրուկներ», եւ դարերու ընթացքին անոնք ո՛չ ամուսնանալու եւ ո՛չ ալ մօրուք ունենալու իրաւունք ունեցան:

Թուրքերը այս ձեւով «կ’արտադրէին» հաւատարիմ զինուորներ, որոնք կը ճանչնային միայն միապետին իշխանութիւնը` անջատուած ըլլալով ամէն տեսակի կապէ, անցեալէն` որմէ խլուած էին եւ ներկայէն` որ իրենց արգիլուած էր: Կը հասկնանք այս երկսայրի ուժին հզօրութիւնը`  զրկելով օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող քրիստոնեայ ժողովուրդները իրենց ընտրանիէն եւ կազմելով խորհրդաւորութեան ապրումներով անձեր` երկաթեայ կարգապահութեամբ, լաւապէս պատրաստուած ռազմի արուեստին համար:

Անոնց համրանքը եւ ազդեցութիւնը աճեցան եւ միջամտութիւնները պետական գործերուն մէջ դարձան խնդրայարոյց: Այնպէս որ, հակազդելով անոնց վերջին ըմբոստացման, 15 յունիս 1826-ին սուլթան Մահմուտ Բ. պարզել տուաւ մարգարէին դրօշը` կոչ ընելով ուլեմաներուն եւ ժողովուրդին` յարձակելու ըմբոստներու զօրանոցներուն վրայ:

Եթէ ենիչերիներու շարքերը մարեցան արեան մէջ, անոնց փիլիսոփայութիւնը` հիմնուած կալանուած թշնամի անձերը դարձնելու զիրենք ծնողներուն դէմ, մեր օրերուն որոշ յաջողութիւն կը գտնէ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ պարտուածներէն հաւաքագրելով մանուկ-զինուորներ` Ափրիկէ, Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք: Անկասկած այս նոյն փիլիսոփայութիւնն է, որ կ’արտայայտուի, մարդորսական կատաղութեամբ, իսլամական խումբերու կողմէ, որոնք իրենց հրապուրիչ երգը կը տարածեն համակարգիչի պաստառի ցոլացումներով:

Հայացում` Յ. Պ.

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Պատգամ` Լուսաւորուիլ Բեթղեհէմեան Աստղով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?